ՆՇՄԱՐ. ՕՐԻՆԱԿԵԼԻ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

ՅԱԿՈԲ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Ուրբաթ, 25 նոյեմբերին, «Ազդակ»-ի «Փիւնիկ» սրահին մէջ  տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Զաւարեան ուսանողական միութեան «Դէպի երկիր» յանձնախումբի կազմակերպած ձեռնարկը, որուն ընթացքին ներկայացուեցան ուսանողական միութեան 2004-2011 տարեշրջաններու  Հայաստան եւ Արցախ գործուղումները: Ձեռնարկին  հրաւիրուած էին նախկին զաւարեանականներ եւ Զաւարեան ուսանողական միութեան  գործուղման աշխատանքներուն սատարող բարեկամներ:

Ձեռնարկը ստեղծեց մեծ խանդավառութիւն եւ լայն հետաքրքրութիւն: Անկախ նիւթին կարեւորութենէն, որ հիմնականին մէջ կեդրոնացած էր ուսանողական միութեան անդամներու 2011 տարեշրջանի Քաշաթաղ գործուղման ծրագիրին վրայ, կազմակերպիչ յանձնախումբը այս ձեռնարկի պատրաստութեան համար դրսեւորած էր պատասխանատուութեան խոր գիտակցութիւն: Նախ, ամիսէ մը ի վեր զաւարեանականներ հեռաձայնային խօսակցութիւններով, հրաւէրներով եւ այլ միջոցներով կապ հաստատած էին մեծ թիւով նախկին զաւարեանականներու հետ` ապահովելու համար բոլորին ներկայութիւնը: Այս առիթով իրենց պատրաստած տեսաերիզը եւ  պրոշիւրը արդէն համապարփակ ու ամբողջական տեղեկութիւն կը փոխանցէր կատարուած աշխատանքին ու այդ աշխատանքի գնահատելի արդիւնքին մասին: Ձեռնարկի բովանդակութիւնն ալ ունէր իւրայատուկ ոճ, իսկ ներկայացուած գեղարուեստական յայտագիրը նաեւ ուսանողներուն կողմէ հայ մշակոյթի հարազատ ակունքներուն կառչած մնալու վճռակամութիւն ու հաւատք կը ներշնչէր: Եւ ամէնէն կարեւորը, հաւաքի աւարտին նախկին զաւարեանականներու առաջարկներն ու տեսակէտները լսելու, ապա իրենց յառաջիկայ տարուան ծրագրումը կատարելու մօտեցումը, իրենց գործի ընդարձակման եւ շարունակականութեան երաշխաւորման համոզումը կ՛աւետէր: Այո՛, լրջօրէն կատարած էին իրենց աշխատանքը, որովհետեւ  ամբողջականօրէն իւրացուցած էին իրենց կատարած գործին լրջութիւնն ու կարեւորութիւնը:

Հայաստանի ու Արցախի մէջ աւելի քան 600 պատանիներու հետ իրերայաջորդ տարիներու ընթացքին զաւարեանականներու գործադրած ուսումնական եւ  տարբեր ծրագիրները ուսանողական միութեան համար դաստիարակիչ, Հայաստանի ու Արցախի ժողովուրդին համար ոգեւորիչ ու գօտեպնդիչ եւ լիբանանահայ գաղութին համար համահայկական մտածողութեան արմատաւորման մէջ իր կարեւոր ներդրումը ունեցող, թերեւս համեստ, բայց միաժամանակ օրինակելի նախաձեռնութիւններ են եւ արժանի են, որ դառնան մեր բոլորին ուշադրութեան կեդրոնը:

Ահաւասիկ մտածումէն, գաղափարէն անդին անցնող ու դաշնակցական վարակիչ գործով դաշնակցական սերունդներու մէջ իր անջնջելի դրոշմը դնող նախաձեռնութիւն մը: Այո՛, իրաւացի են ԶՈՄ-ականները`  իրենց ծրագրումին ու աշխատանքին մէջ պէտք է ունենան բոլորին փորձառութեան եւ օժանդակութեան ներդրումը, որպէսզի ընդարձակուի իրենց գործը, խանդն ու կորովը: Եւ տարբեր ալ չի կրնար ըլլալ Զաւարեան ուսանողական միութենէն մեր բոլորին ակնկալութիւնը: 107 տարիներու ընթացքին նուաճած իր կենսափորձով, ԶՈՄ-ի գործն ու ներդրումը միշտ ալ գտնուած են իրենց վճռորոշ դերակատարութեան մէջ եւ համակած իրենց միջավայրը գաղափարական վայել յանձնառութեամբ:

Ուրբաթ երեկոյեան զաւարեանականները լիբանանահայ գաղութին մէջ, իրենց կարգին եկան յուշելու ու ապացուցելու, որ ինչ ալ ըլլան դժուարութիւններն ու տագնապները, տեղայնական մտահոգութիւնները պիտի չարգելակեն այս գաղութի աշխուժ երթը, այլ ընդհակառակն` ան պիտի շարունակէ իր ներգործօն մասնակցութիւնը ունենալ համահայկական օրակարգերու հունաւորման ու ծրագիրներու իրականացման գործընթացներուն մէջ: Այս առաքելութենէն նուազագոյն շեղում իսկ ընդունելի չէ մեզի: Հետեւաբար ջանանք հաւաքական ճիգով ու համադրեալ աշխատանքով շրջանցել ու յաղթահարել այս բոլոր խոչընդոտները, որպէսզի աւելի հեզասահ ու արդիւնաւէտ դառնայ այդ առաքելութիւնը:

Վարձքը կատա՛ր զաւարեանականներուն…

 

 

Share this Article
CATEGORIES