«ՈԵՒԷ ՄԷԿՈՒ ԿԱՄ ՈՐԵՒԷ ԿՈՂՄԻ ՊԻՏԻ ՉԱՐՏՕՆԵՆՔ ԶԻՆԵԱԼ ՈՒԺԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ ՃՆՇՈՒՄ ԲԱՆԵՑՆԵԼ» Կ՛ԸՍԷ ԹԱՆԹԱՈՒԻ

Եգիպտոսի իշխող Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի նախագահ Մարաջախտ Թանթաուի երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցի մը ընթացքին զգուշացուց, որ եգիպտական զինեալ ուժերը ոեւէ մէկու պիտի չարտօնեն «իրենց վրայ ճնշում բանեցնել»:

Մէկ շաբաթէ ի վեր Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդին իշխանութեան անմիջական հեռացումը պահանջող ցոյցերուն ակնարկելով ան ըսաւ, որ իրենք բազմաթիւ մարտահրաւէրներ կը դիմագրաւեն, «սակայն անոնց դէմ պիտի դնենք եւ ոեւէ մէկու կամ որեւէ կողմի պիտի չարտօնենք զինեալ ուժերուն վրայ ճնշում բանեցնել»:

Թանթաուի հանդիպում ունեցաւ նախագահութեան հաւանական թեկնածուներ Մոհամետ Պարատէիի եւ Ամր Մուսայի հետ` քննարկելով նոր նշանակուած վարչապետ Քամալ Ժանզուրիի «կառավարութեան զօրակցելու» հարցը: Ան ըսաւ, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է Պարատէիի եւ Մուսայի փափաքով:

Մինչ այսօր Եգիպտոսի մէջ խորհրդարանական ընտրութիւններ տեղի պիտի ունենան, Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի նախագահ Ապտել Մաազ Իպրահիմ «Շարք Ասուաթ» օրաթերթին յայտնեց, որ ընտրութիւններուն առաջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ Եգիպտոսի 9 նահանգներուն մէջ:

«Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Իսլամ եղբայրները յայտարարած են, որ ընտրութիւններէն գոյանալիք խորհրդարանական մեծամասնութիւնն է, որ նոր կառավարութիւնը պիտի կազմէ:

Share this Article
CATEGORIES