ՓՈՒԹԻՆ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԹԵԿՆԱԾՈՒ` ՌՈՒՍԻՈՅ ՆԱԽԱԳԱՀԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ

Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին թէեւ նախապէս յայտնած էր, թէ կ՛ուզէ երրորդ նստաշրջանի մը համար Ռուսիոյ նախագահի պաշտօնը ստանձնել, սակայն երէկ պաշտօնապէս ընդունեց յառաջիկայ տարուան նախագահական ընտրութեան իշխող կուսակցութեան թեկնածուն ըլլալ: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկայ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւին եւ Միացեալ Ռուսիա կուսակցութեան` զինք նախագահութեան թեկնածու ընտրելնուն համար:

Հարցախոյզները ցոյց կու տան, թէ իշխող Միացեալ Ռուսիա կուսակցութիւնը յառաջիկայ կիրակի օր տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին յաղթանակ պիտի արձանագրէ, իսկ Փութին մարտին նախատեսուած նախագահական ընտրութեան ընթացքին վստահաբար յաղթանակ պիտի արձանագրէ: Կը նախատեսուի, որ Մետվետեւ ստանձնէ Ռուսիոյ վարչապետի պաշտօնը:

Ընդդիմադիր խմբաւորումներ ազատ եւ արդար ընտրութիւններ կը պահանջեն եւ կառավարութիւնը կը զգուշացնեն զանգուածային ընտրական կեղծիքի դիմելէ:

Փութին երէկ օտար ուժերը զգուշացուց` զանոնք ամբաստանելով քուէարկութեան արդիւնքներուն վրայ ազդելու համար Ռուսիոյ մէջ ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները ֆինանսաւորելու յանցանքով: Ան ըսաւ, որ Արեւմուտքի միջամտութեան այդ փորձը դրամի մսխում է:

 

Share this Article
CATEGORIES