ԼԻԲԱՆԱՆ ԵՒ ԻՐԱՔ ՁԵՌՆՊԱՀ ՄՆԱՑԻՆ ԱՐԱԲԱԿԱՆ ԼԻԿԱՆ ՍՈՒՐԻՈՅ ԴԷՄ ՊԱՏԺԱՄԻՋՈՑՆԵՐ ՀԱՍՏԱՏԵՑ

Արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստը

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Համատ պըն Ժասեմ պըն Ժապըր Ալ Թանի երէկ յայտարարեց, որ արաբ արտաքին գործոց նախարարները Սուրիոյ կառավարութեան դէմ որդեգրած են շարք մը պատժամիջոցներ, որոնց շարքին` սուրիացի բարձրաստիճան անձնաւորութեանց եւ պաշտօնատարներու ճամբորդութեան դէմ արգելքներ եւ արաբական երկիրներու մէջ անոնց դրամատնային պահեստներու սառեցում:

Շէյխ Համատ յայտնեց, որ Լիբանան ձեռնպահ մնացած է, իսկ Իրաք վերապահութիւն յայտնելէ ետք յայտարարած, որ որոշումը պիտի չգործադրէ: Նշենք, որ ասիկա առաջին անգամն է, որ Արաբական լիկան իր անդամներէն մէկուն դէմ պատժամիջոցներ կը հաստատէ:

Ըստ որոշումին, Սուրիոյ Կեդրոնական դրամատան հետ գործակցութիւնը եւս կը դադրեցուի: Ըստ մամլոյ տեղեկութեանց, Ալճերիա փորձած է այս կէտի որդեգրումը արգելակել:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը զգուշացուց Սուրիոյ մէջ օտար միջամտութենէ, եթէ արաբական ջանքերը ձախողութեան մատնուին` նշելով, որ հաստատուած պատժամիջոցները սուրիացի ժողովուրդին վրայ չեն ազդեր: Ան ըսաւ, որ «առայժմ սուրիական տագնապի լուծման նախաձեռնութեանց արդիւնքները եւ Սուրիոյ կողմէ լիկայի արձանագրութեան նկատմամբ յանձնառութիւնը դրական չեն, եւ պիտի շարունակենք բռնարարքները դադրեցնելու բոլոր կարելիութիւնները քննարկել, իսկ առայժմ միջոցները տնտեսական պատժամիջոցներէ ու պոյքոթէ բաղկացած քաղաքային միջոցներ են, եւ եթէ դրական ընկալում տեղի չունենայ, մենք պատասխանատուութիւններ ունինք»:

Շէյխ Համատ աւելցուց, որ Թուրքիա խոստացած է Սուրիոյ դէմ պատժամիջոցներուն առնուազն յանձնառու ըլլալ:

Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի իր կարգին Դամասկոսէն պահանջեց արիւնահեղութիւնը դադրեցնել եւ բարեփոխումներուն սկսիլ: Ան նշեց, որ եթէ Սուրիա դէտերու տեղակայման առնչուող արձանագրութիւնը ստորագրէ, ապա լիկան իր հաստատած պատժամիջոցները վերատեսութեան պիտի ենթարկէ: Արապի ընդգծեց, որ երէկ որդեգրուած միջոցառումները Սուրիոյ տագնապի արաբական լուծումին ծիրին մէջ են:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա Սուրիոյ դէմ Արաբական լիկայի հաստատած բոլոր պատժամիջոցներուն պիտի զօրակցի: «Ոչ ոք կրնայ սպասել, որ Թուրքիան եւ Արաբական լիկան լուռ մնան ի տես քաղաքայիններու սպանութեան եւ սուրիական վարչակազմին կողմէ անմեղներու հետզհետէ աճող ճնշումին», շեշտեց Տաւութօղլու:

Ան նշեց, որ Սուրիոյ տագնապը պէտք է լուծուի այնպիսի ձեւով մը, որ արտաքին միջամտութեան  չառաջնորդէ` յոյս յայտնելով, որ «սուրիական վարչակազմը մեր պատգամը հասկնայ, ապա մեր հարցը ընտանիքին մէջ պիտի լուծուի»:

Մինչ այդ, Քաթար, Պահրէյն եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ իրենց քաղաքացիներուն թելադրեցին անմիջապէս հեռանալ Սուրիայէն:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդական Արշատ Հիւրմիւզլիւ քաթարական «Շարք» օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարեց, որ Թուրքիա նախանձախնդիր է Քաթարի եւ Արաբական լիկայի հետ Սուրիոյ տագնապի զարգացումներուն նկատմամբ կեցուածքներու համակարգում կատարելու: Ան նշեց, որ իր երկիրը սուրիացի ժողովուրդին կողքին է եւ ոչ թէ վարչակարգին:

Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ Թուրքիա արաբական աշխարհի յեղափոխութիւններուն նկատմամբ նոյն քաղաքականութիւնը կը վարէ եւ ոչ միայն արաբ ժողովուրդներուն, այլ նաեւ ընդհանուր առմամբ իսլամ ժողովուրդներուն նկատմամբ, իսկ եթէ ստիպուի որեւէ երկրի մէջ ժողովուրդին եւ վարչակարգին միջեւ ընտրանք մը կատարել, ապա ժողովուրդը պիտի ընտրէ: Ան ընդգծեց, որ Քաթար շրջանային եւ միջազգային մակարդակի վրայ իր կշիռը փաստած է:

Թուրքիոյ նախագահի աւագ խորհրդականը յայտնեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ տագնապը լուծելու նպատակով զինուորական միջամտութիւն կատարելու փափաք չունի` վստահեցնելով, որ Թուրքիա նախանձախնդիր է, որ սուրիական տագնապի լուծումը խաղաղ ճանապարհով ըլլայ եւ սուրիացիները իրենք ըլլան նախաձեռնողները:

Հիւրմիւզլիւ յայտնեց, որ Թուրքիա պատրաստ է սուրիացի քաղաքայինները պաշտպանելու միտող որեւէ միջոցառումի հարցով միջազգային ընտանիքին հետ համակարգում կատարելու` նշելով, որ «մարդասիրական օժանդակութեանց առաքման համար պէտք է ապահով միջանցքներ հաստատել»:

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ «Արապ Փրես»-ին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին մէջ յայտնած է, որ Թուրքիոյ նպատակը Օսմանեան կայսրութիւնը վերականգնելն է: «Թուրքիոյ մէջ ոմանք կ՛ուզեն վերակենդանացնել Օսմանեան կայսրութիւնը, սակայն ատիկա կարելի չէ: Թուրք ղեկավարները լաւ գիտեն, որ ատիկա անիրականանալի երազ է, եւ այդ պատճառով կը փորձեն իրենց ազդեցութիւնը արաբական աշխարհին մէջ տարածել կրօնական ուղղուածութեամբ կուսակցութիւններու միջոցով», ըսած է Ասատ:

«Թուրքիա» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Սուրիա «Սքոտ» եւ «ՍԱՄ» տիպի հրթիռները, որոնց հասողութիւնը 1500 քիլոմեթր է, ինչպէս նաեւ մարտագլխիկներ կրելու կարելիութիւն ունին, յառաջիկային պիտի տեղակայուին Քամիշլի եւ Այն Տիուար շրջաններուն մէջ:

Նշենք, որ նախապէս հաղորդուած էր, որ իրանցի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտարարած է, որ «եթէ թրքական բանակը Սուրիա ներխուժէ, մենք Թուրքիոյ դէմ պատերազմ պիտի յայտարարենք: Սուրիոյ դէմ ուղղուած զինուորական որեւէ միջամտութիւն միեւնոյն ժամանակ Իրանի դէմ պատերազմ յայտարարել պիտի նշանակէ», ըսած էր ան:

 

Share this Article
CATEGORIES