ԻՐԱՆ ԿԸ ՍՊԱՌՆԱՅ ԹՈՒՐՔԻԱՆ ՀԱՐՈՒԱԾԵԼ
Իրանի Յեղափոխական պահակագունդի հակաօդային ուժերու հրամանատար Էմիր Ալի Հաճիզատէ շաբաթ օր յայտարարեց, որ Իրան Թուրքիոյ մէջ տեղակայուած ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային համակարգի տարրերը պիտի հարուածէ, եթէ Միացեալ Նահանգներ կամ Իսրայէլ իսլամական հանրապետութեան դէմ յարձակում գործեն:
«Եթէ սպառնալիքի ենթարկուինք, Թուրքիոյ մէջ ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային վահանը պիտի հարուածենք, ապա մնացեալ թիրախները հարուածենք», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ «հիմնուելով գովեալ գերագոյն հրամանատարին հրամաններուն վրայ, մենք սպառնալիքներուն սպառնալիքներով պիտի պատասխանենք»:
CATEGORIES Միջազգային


