ԹՐԻՓՈԼԻԻ ՄԷՋ ՄԱՐՏ 14-Ի ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺԵՐԸ ՆՇԵՑԻՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 68-ԱՄԵԱԿԸ

Մուսթաքպալի կազմակերպած քաղաքական փառատօնին ներկաները

Լիբանանի անկախութեան 68-ամեակին առիթով, երէկ յետմիջօրէին Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցաւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կազմակերպած քաղաքական փառատօնը, որ կրեց «Զէնքի աշուն եւ անկախութեան գարուն» կարգախօսը:

Ռաշիտ Քարամէի անուան միջազգային համալիրին մէջ տեղի ունեցած փառատօնին մասնակցեցաւ Մուսթաքպալ հոսանքի եւ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերու համակիրներու հոծ բազմութիւն մը:

Փառատօնին ընթացքին խօսք առնողները դատապարտեցին եւ ցեխարձակումներ կատարեցին Դիմադրութեան զէնքին ու Լիբանանի կառավարութեան դէմ:

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի խօսքը արտասանեց Մուսթաքպալ երեսփոխանական պլոքի նախագահ, երեսփոխան Ֆուատ Սինիորա, որ շեշտեց, թէ ազատ եւ ժողովրդավար Լիբանանը, որուն համար իրենք հսկայական զոհողութիւններ մատուցած են, կը գտնուի չգոյատեւելու սպառնալիքին դիմաց:

Սինիորա ընդգծեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը ու անոր հետ գործակցութիւնը ազգային իրաւունք է ու պարտականութիւն:

Մուսթաքպալ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպարա շեշտեց, որ Լիբանան կրցած է վտարել Ասատի զօրքը` աւելցնելով սակայն, որ սուրիական վարչակարգի ներկայացուցիչները տակաւին կը գտնուին Լիբանանի մէջ եւ կը փորձեն տիրանալ Լիբանանին:

Քապպարա նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի սպանութեան յանցանքով մեղադրեց Հըզպալլան` զայն ամբաստանելով Թրիփոլիին տիրելու ախորժակով:

Քապպարա շեշտեց, որ Թրիփոլիի եւ բոլոր լիբանանցիներուն վրայ պարտադրուած Բանակ, ժողովուրդ, Դիմադրութեան ոչ սուրբ երրորդութիւնը պիտի տապալի Լիբանանի իշխող ներկայ կառավարութեան տապալումով:

Նախ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ Սամիր Ժսըր իր կարգին շեշտեց, որ «դիակ մը հարուածելը մեղք կը նկատուի», հետեւաբար կառավարութիւնը տապալելու կարիք չկայ, որովհետեւ անիկա արդէն իսկ տապալած է եւ ժողովուրդին համար ոչ մէկ նշանակութիւն ունի:

Ժսըր ընդգծեց նաեւ, որ ազգային անվտանգութեան երաշխաւորումը միայն լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է:

Երեսփոխան Պութրոս Հարպ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Լիբանանի դէմ դաւադրութիւնը կը շարունակուի կարգ մը լիբանանցիներու կողմէ` նշելով միաժամանակ, որ Դիմադրութեան զէնքը կը սպառնայ լիբանանեան ազգային միասնականութեան:

Հարպ ընդգծեց, որ իրենք կը մերժեն այն իրականութիւնը, որ կարգ մը լիբանանցիներու կողմէ զէնքը կ՛օգտագործուի այլոց սարսափ պատճառելու նպատակով:

Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն անունով հանդէս եկաւ երեսփոխան Մարուան Համատէ, որ իր խօսքը ուղղելով վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի ըսաւ. «Դուն, որ երեսփոխան ընտրուած ես այսօրուան բազմութեան քուէներով, պէտք չէ արտօնես, որ ոճրագործները ազատ ճեմեն»:

Համատէ կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըըրիին եւ վարչապետ Միքաթիին Լիբանանը մեծ բանտի մէջ չզետեղելու, երբ արաբ ժողովուրդը սկսած է այդ բանտէն դուրս գալ:

 

Share this Article
CATEGORIES