ՄԸԶՀԵՐ-ՊՍԱԼԻՄ ՃԱՄԲՈՒՆ ՎՐԱՅ ՀՈՂԱՅԻՆ ՍԱՀԱՆՔ

Անցեալ երեքշաբթի օր, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Մըզհեր-Պսալիմ ճամբուն վրայ պատահեցաւ հողային սահանք մը, որ բարեբախտաբար պատճառեց միայն նիւթական վնասներ:

Նկատի ունենալով «Շարք Աուսաթ» հիւանդանոցէն դէպի Մըզհերի «Կ. Հարպոյեան» շէնքեր տանող ճամբուն վրայ արձանագրուած այս վտանգաւոր դէպքը եւ անոր սպառնացած վտանգը` շրջանի շէնքերուն, Հայկական երեսփոխանական պլոքը փութաց օգնութեան` դիմելով վարչապետին եւ Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդին, որպէսզի անհրաժեշտ քննութիւններն ու աշխատանքները կատարեն` կանխարգիլելու համար յառաջիկային պատահելիք նման սահանքներու հաւանականութիւնը:

Հարկ է աւելցնել, որ շնորհիւ Հայկական երեսփոխանական պլոքին հետեւողական ջանքերուն, Փրկարար աշխատանքներու գերագոյն խորհուրդը այսօր առաւօտեան պիտի սկսի ճամբուն նորոգութեան եւ անոր պատուարներուն ամրացման աշխատանքին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES