ՊԸՐՐԻ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊԸ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՈՎ ԼՈՒԾԵԼ»
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Եունեսքօ-ի մէջ ներկայ գտնուեցաւ Ամալ շարժումի կազմակերպած «Քաղաքապետական աշխատանք»ի խորհրդաժողովին, որուն ընթացքին անդրադարձաւ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակին` շեշտելով, որ երկրին դիմագրաւած ներքին քաղաքական տագնապը կարելի չէ կառավարութեան հրաժարականով լուծել, այլ` այդ հարցին շուրջ պէտք է խորհրդակցիլ, երկխօսութիւն կատարել, որպէսզի կարելի ըլլայ որոշ լուծման շուրջ համաձայնութեան մը յանգիլ:
Խորհրդարանի նախագահը ընդգծեց, որ շրջանային զարգացումները Լիբանանի կացութիւնը աւելի զգայուն դարձուցած են` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է առաւելագոյն չափով զգուշ ըլլալ եւ պահպանել Լիբանանն ու Արեւելքը, որովհետեւ հիմնական վտանգը, որ Լիբանանին կը սպառնայ, հարաւի կողմէն է, այլ խօսքով` Իսրայէլի:
Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի կայունութիւնը լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն պատասխանատուութիւնն է` աւելցնելով, որ Լիբանանը բաղկացնող բոլոր շերտերը պէտք է այդ պատասխանատուութեան յանձնառու ըլլան:
«Լիբանանի քաղաքական փորձառութենէն մեկնելով կարելի է շեշտել, որ ոչ ոք կրնայ ազգային որոշումները վեթոյի ենթարկել» յայտնեց Պըրրի:
Անդրադառնալով քաղաքապետարաններու աշխատանքներուն` Պըրրի կոչ ուղղեց վաւերացնելու վարչական ապակեդրոնացեալ դրութիւնը, ինչպէս նաեւ մշակել եւ վաւերացնել ընտրական արդի օրէնք մը: