ՍԱՅՏԱՅԻ ՄԷՋ. «ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԱՅՈՒՆՈՒԹԻՒՆԸ ԱՄԲՈՂՋ ՇՐՋԱՆԻՆ ՀԱՄԱՐ ԿԵՆՍԱԿԱՆ Է» Կ՛ԸՍԷ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԸ
Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ինան Էօզեըլտըզ երէկ այցելեց Սայտա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Սայտայի միւֆթի շէյխ Սելիմ Սուսանի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Էօզեըլտըզ հերքեց արաբական երկիրներուն մէջ տիրող կացութեան ուղղակի ազդեցութիւնը` թրքական դերակատարութեան վրայ:
Էօզեըլտըզ յայտնեց, որ բոլոր մեկնաբանութիւններն ու եզրակացութիւնները սխալ կրնան դուրս գալ` աւելցնելով, որ Թուրքիա մօտէն կը հետեւի իր արաբ եղբայրներուն իրավիճակին եւ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ իրականացնելու համար արաբական երկիրներուն կարիքները, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ իրականացնելու խաղաղութիւնն ու ժողովրդավարութիւնը:
Էօզեըլտըզ շեշտեց, որ Թուրքիա յանձնառու է քաղաքական առումով միջամտելու, երբ այդ միջամտութեան կարիքը զգացուի, «որովհետեւ Լիբանանի կայունութիւնը ամբողջ շրջանին համար կարեւոր է եւ կենսական: Հետեւաբար, մենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք` պահպանելու համար Լիբանանի կայունութիւնը», ընդգծեց ան: