ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ՈՒԺԵՐ Կ՛ԱՌԵՒԱՆԳԵՆ ԵՐԿՈՒ ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ՀՈՎԻՒՆԵՐ
Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նկատել տուաւ, որ երէկ իսրայէլեան ուժեր Ռըմէյշի մօտակայքը գտնուող սահմանային Կապոյտ գիծին մօտ առեւանգած են լիբանանցի երկու հովիւներ Լէոն Ալամը եւ Մոհամետ Զուհրան:
Բանակը շեշտեց, որ այդ արարքը Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի:
Այս ծիրին մէջ, հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած միջազգային խաղաղապահ ուժերու բանբեր Նիրաժ Սինկ յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը հովիւները առեւանգած են, որովհետեւ անոնք ՄԱԿ-ի սահմանային Կապոյտ գիծը խզած են:
CATEGORIES Լիբանանեան