ՌԱՅԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՄԸՐ ԸՆՏԱՆԻՔԸ

Ռայի պատրիարքը իր պատգամը կ՛ուղղէ Մեթնի պատուիրակութեան

Մարոնիներու Պշարա Ռայի պատրիարքը խզեց իր հոգեւոր խոկումի շրջանը եւ Պքերքէի մէջ ընդունեց Մըր ընտանիքի անդամները, որոնց շարքին` երեսփոխան Միշել Մըր եւ հրաժարեալ կառավարութեան փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Էլիաս Մըր:

Մըր ընտանիքին ընկերակցեցաւ նաեւ հիւսիսային Մեթնի մէկ պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին Մըր ընտանիքը Ռայի պատրիարքին իր շնորհաւորութիւնները փոխանցելէ ետք ուղղուեցաւ Պքերքէի շրջափակը, ուրկէ երեսփոխան Միշել Մըր այս առիթով արտասանեց խօսք մը:

Մըր շեշտեց մարոնի պատրիարքութեան ստանձնած առաքելութեան եւ որդեգրած ուղեգիծին իր զօրակցութիւնը` նկատել տալով, որ Պքերքէ ազգային հեղինակութիւն մըն է, որ իր դերակատարութիւնը պիտի ունենայ` պահպանելու համար Լիբանանը եւ պաշտպանելու զայն:

«Պքերքէի նկատմամբ տածած մեր յարգանքը հետզհետէ աւելի պիտի ուռճանայ, որովհետեւ Պքերքէ կարեւոր դերակատարութիւն ունի միջքրիստոնէական միասնականութեան առումով, ինչպէս նաեւ ռահվիրայի դերակատարութիւն ունի Լիբանանը փրկելու իր դիմագրաւած տագնապէն», ընդգծեց Միշել Մըր:

Մըր կարեւոր եւ օգտակար նկատեց Ռայի պատրիարքին կողմէ արձակուած սիրոյ եւ գործակցութեան պատգամը, որ արդիւնք է պատրիարքին կողմէ լիբանանեան ազգային միասնականութեան եւ համերաշխութեան կառչած ըլլալու տեսակէտին:

Ռայի պատրիարքը օրհնեց ներկաները եւ ողջունեց զանոնք` շեշտելով, որ ինք բոլորին պատրիարքն է, սակայն Մեթնն է, որ իրեն ուժ ու կորով կը ներարկէ:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը խստիւ դատապարտեց «Լուպնան Հուր» ձայնասփիւռի կայանին մօտ տեղի ունեցած պայթումը` շեշտելով, որ եթէ ազատութիւնը իր գինը ունի, ապա մենք պատրաստ ենք անոր: Ան ցաւ յայտնեց, որ տակաւին ոմանք կը փորձեն երկրին կացութիւնը խանգարել:

Նշենք, որ Ատոնիսի մէջ «Լուպնան Հուր» ձայնասփիւռի կայանին կեդրոնին մօտ երէկ լսուեցան պայթումի ձայներ, որոնց մասին նկատել տրուեցաւ, թէ անոնք տինամիթի պայթում են, սակայն ի վերջոյ ի յայտ եկաւ, որ անոնք պարզապէս ուժգին պայթող պայթուցիկներ են:

 

Share this Article
CATEGORIES