ՄԱՐՈՔԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ ԿՈՒՍԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ Կ՛ՈՒՂՂՈՒԻ ԴԷՊԻ ՅԱՂԹԱՆԱԿ

Ապտել Իլահ Պենքիրանէ

Մարոքի մէջ կը նախատեսուի, որ իսլամական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Իլահ Պենքիրանէ ստանձնէ երկրի վարչապետի պաշտօնը:

Ան եւ իր համակիրները սկսան իրենց յաղթանակը տօնել, երբ անցեալ ուրբաթ օր տեղի ունեցած խորհրդարանական ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները ցոյց տուին, որ կուսակցութիւնը 395 աթոռներէ բաղկացած խորհրդարանին մէջ պիտի ապահովէ 80 աթոռ, ինչ որ զայն խորհրդարանական մեծագոյն կուսակցութեան պիտի վերածէ եւ անոր պիտի պարգեւէ Մարոքի կառավարութիւնը կազմելու իրաւունքը:

Պենքիրան յայտարարեց, որ իրենք այժմ կը սպասեն որ Մարոքի Մոհամետ թագաւորը իրենցմէ խնդրէ կազմել կառավարութիւնը: Կը հաղորդուի, որ իսլամական ղեկավարը փողկապ պիտի կրէ միայն թագաւորին հետ հանդիպումին ընթացքին:

«Մենք արդէն վարժուած ենք Ժողովրդավարական համախմբումին հետ գործելու, սակայն նաեւ պատրաստ ենք այլ կուսակցութիւններու հետ խօսելու», ըսաւ ան:

Յանուն ժողովրդավարութեան համախմբում կուսակցութիւնը կը բաղկանայ ութ խմբակներէ եւ անոր ղեկավարն է այժմու վարչապետ Ապպաս Ֆասի:

Մարոքի թագաւորին կատարած բարեփոխումներուն շնորհիւ խորհրդարանին մէջ մեծագոյն կուսակցութիւնը նոր վարչապետը ընտրելու լիազօրութիւնը ունի:

 

Share this Article
CATEGORIES