ԲՐԻՏԱՆԻԱ ԿԸ ԽՈՍՏԱՆԱՅ «ԲՈՒՌՆ» ԿԵՐՊՈՎ ՀԱԿԱԴԱՐՁԵԼ ԻՐ ԴԵՍՊԱՆԻՆ ԹԵՀՐԱՆԷՆ ՎՏԱՐՄԱՆ ՔԱՅԼԻՆ
Բրիտանիա իրանեան խորհրդարանին կողմէ իր դեսպանը վտարելու քուէարկութիւնը «ցաւալի» նկատեց` զգուշացնելով, որ Լոնտոն «բուռն» կերպով պիտի հակազդէ, եթէ որոշումը գործադրուի:
Իրանի խորհրդարանը կողմ քուէարկեց Բրիտանիոյ հետ դիւանագիտական, ինչպէս նաեւ առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները սահմանափակող որոշումի մը: Ըստ որոշումին, Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանը յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին պէտք է հեռանայ Իրանէն:
Իրանի խորհրդարանը իր որոշումով պատասխանած է Լոնտոնի` Իրանի դէմ հաստատած պատժամիջոցներուն: Որոշումը ի զօրու դառնալու համար պէտք է արժանանայ Սահմանադրական դատարանի եւ Վարչակարգի շահերու հսկողութեան յանձնախումբին հաւանութեան:
CATEGORIES Միջազգային