ՄԱՀԱՓՈՐՁ` ԼԻՊԻՈՅ ՆՈՐ ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ ՎԱՐՉԱՊԵՏԻՆ ԴԷՄ
Լիպիոյ օրեր առաջ ձեւաւորուած կառավարութեան վարչապետ Ապտել Ռահիմ Քիպի դէմ մահափորձ կատարուած է: Ան չէ վնասուած, սակայն անոր ընկերակցող պատուիրակութենէն երկու հոգի սպաննուած է:
Մահափորձը կատարուած է Թրիփոլիի մէջ, երբ վարչապետն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը մուտք կը գործէին պետական ձայնասփիւռի կայանի շէնքը: Անյայտ անձեր կրակ բացած են նոր վարչապետին ուղղութեամբ:
Ապահովութեան մարմինները յաջողած են ձերբակալել յարձակումը գործողներէն երկու անձեր, սակայն հետաքննութիւնը կը շարունակուի: Լիպիոյ մէջ գործող որեւէ խմբակ տակաւին մահափորձին պատասխանատուութիւնը չէ ստանձնած:
CATEGORIES Միջազգային