ՄՈՒՊԱՐԱՔԻ ՏԱՊԱԼՈՒՄԷՆ ԵՏՔ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԱԿԱՆ ԱՌԱՋԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ. ՔՈՒԷԱՐԿՈՂՆԵՐՈՒ ԽՈՒՌՆԵՐԱՄ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Երէկ առաւօտեան ժամը ութին ընթացք առին Հիւսնի Մուպարաքի իշխանութեան տապալումէն ետք Եգիպտոսի խորհրդարանական առաջին ընտրութիւնները, որոնց ընթացքին իսլամական եւ աշխարհիկ, ինչպէս նաեւ նախկին վարչակարգի ներկայացուցիչներուն միջեւ բուռն մրցակցութիւն արձանագրուեցաւ:
Քուէարկողներու խուռներամ մասնակցութենէն յառաջացած երկար շարքերը պատճառ դարձան, որ ժամը 7:00-ին նախատեսուած քուէատուփերու փակումը երկու ժամով երկարաձգուի:
Խորհրդարանական ընտրութեանց առաջին հանգրուանը տեղի կ՛ունենայ երկու հանգրուաններով` 9 նահանգներու մէջ, որոնք են` Գահիրէն, Աղեքսանդրիան, Ասիութը, Կարմիր ծովը, Լուքսորը, Աֆիումը, Տումիաթը, Փոր Սայիտը եւ Քաֆար Շէյխը: Ասիութի չորս ընտրական գրասենեակներու մէջ քուէարկութիւնը կանգ առաւ, երբ Պատարի գիւղին մէջ հրացանաձգութիւն տեղի ունեցաւ: Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարեց, որ 70 գանգատ ստացած է: Ընտրութիւններուն կը հսկեն շուրջ 10 հազար դատաւոր եւ 8 հազար դէտ:
Ընտրութեանց առաջին հանգրուանի նահանգներու մէջ քուէարկողներուն թիւն է շուրջ 17.5 միլիոն:
Ընտրութիւնները տեղի կ՛ունենան 498 աթոռներու շուրջ, իսկ Զինեալ ուժերու գերագոյն խորհուրդի ղեկավարը կամ այլ պարագաներու նախագահը 10 երեսփոխաններ կը նշանակէ:
Երկրորդ հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 14 դեկտեմբերին, իսկ երրորդ հանգրուանը` 3 յունուարին: