ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԻՒՆԸ ԿԸ ՄԱՍՆԱԿՑԻ ՄԻՋԻՆ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ՀԱՄԱԺՈՂՈՎԻՆ

Կիրակի, 27 նոյեմբերի երեկոյեան, Արամ Ա. կաթողիկոս մեկնեցաւ Կիպրոս` նախագահելու Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդի համաժողովին: Սոյն համաժողովին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը կը մասնակցի հնգանդամ պատուիրակութեամբ, որուն մաս կը կազմեն Կիպրոսի հայոց թեմի առաջնորդ Վարուժան արք. Հերկելեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան, կաթողիկոսարանի Երիտասարդական բաժանմունքի վարիչ Մեսրոպ վրդ. Սարգիսեան եւ Ազգային Նարեկ վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Վարդան Թաշճեան:

Համաժողովը տեղի պիտի ունենայ Կիպրոսի Փախոս քաղաքին մէջ: Պիտի մասնակցին Միջին Արեւելքի բոլոր եկեղեցիները: Համաժողովի օրակարգի գլխաւոր հարցերը պիտի ըլլան` անցնող չորս տարիներուն Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին գործունէութեան քննարկումը, նոր կառոյցի վաւերացումը եւ նոր ընդհանուր քարտուղարի, նախագահի ու գործադիր վարչութեան ընտրութիւնը:

Համաժողովէն ետք վեհափառը պիտի նախագահէ Կիպրոսի թեմին կողմէ կազմակերպուած կարգ մը ձեռնարկներու: Ան նաեւ պիտի ունենայ աշխատանքային հանդիպումներ թեմական մարմիններուն հետ:

Վեհափառը Անթիլիաս պիտի վերադառնայ ուրբաթ, 2 դեկտեմբերի երեկոյեան:

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES