ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան Կեդրոնական մարմինը եւ Լիբանանի Հայ աւետարանական կրթական խորհուրդը շնորհակալութեամբ եւ գնահատանքով վեր կ՛առնեն տիար Գէորգ Արապեանի ազնիւ եւ շօշափելի նպաստը հայ աշակերտներուն: Տիար Գ. Արապեան տարիներէ ի վեր կրթանպաստ կը տրամադրէ կարիքաւոր հայ աշակերտներու` այս միջոցով օժանդակելով նաեւ վարժարաններուն: Անոր առատաձեռն եւ ազնիւ նուիրատուութենէն կ՛օգտուին Հայ աւետարանական եւ այլ վարժարաններ: Անցեալ տարեշրջանին` Հայ աւետարանական վարժարաններու աշակերտներ ստացան հարիւր յիսուն հազար ամերիկեան տոլարէն աւելի նպաստ. Հայ աւետարանական քոլեճ 12,000$, Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարան` 12,000$, Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարան` 12,000$, Հայ աւետարանական Շամլեան-Թաթիկեան վարժարան 45,000$, Հայ աւետարանական Թորոսեան վարժարան 46,500$ եւ Այնճարի Հայ աւետարանական բարձրագոյն վարժարան 24,000$: Շնորհակալութիւն տիար Արապեանին մեր աշակերտներուն անունով:
Յատուկ կերպով շնորհակալ ենք տիար Գէորգ Արապեանէն` իր նպաստները շարունակելու կամեցողութեան եւ խոստումին համար: Ակնյայտ է, որ հայկական վարժարաններու դիմագրաւած նիւթական մարտահրաւէրները կը բարդանան տնտեսական ներկայ դժուար վիճակներուն մէջ: Մեր ժողովուրդի զաւակներուն տնտեսական սահմանափակ վիճակը, անգործութեան եւ անսանձ սղաճի ստեղծած ընկերային հարցերը մեր երկրին մէջ, տագնապի մատնած են կրթական առաքելութեան պատասխանատուները: Եւ ահա, հայորդիի մը ազնիւ որոշումը իր անձնական նիւթական կարելիութիւնները բաժնեկցելու` ի խնդիր հայ նոր սերունդի դաստիարակութեան, կու գայ մեծ բեռ մը թեթեւցնելու կարիքաւոր աշակերտին եւ վարժարանին համար: Մեր անկեղծ երախտագիտութիւնը յայտնելով տիար Արապեանին, կը նորոգենք մեր յանձնառութիւնը` ծառայելու ի խնդիր հայ մատղաշ սերունդի դաստիարակութեան, մեր կարելիութիւններուն անմնացորդ նուիրումով:
ՄԵՐՁԱՒՈՐ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՀԱՅ ԱՒԵՏԱՐԱՆԱԿԱՆ
ԿՐԹԱԿԱՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴ
Նոյեմբեր, 2011