ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ մտավախութիւն յայտնեց, որ լիբանանեան ազգային մակարդակի վրայ կրնայ ստեղծուիլ իշխանութեան վտանգաւոր դրութիւն մը:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի կառավարութիւնը տապալողը մօտիկ ապագային պիտի տապալի` իրաւունքը վերադարձնելով իսկական իրաւատիրոջ:
ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ եւ կեղծ յարձակումներ գործեց Թըպնինի, Պընթ Ժպէյլի, Մերժահիունի, Արքուպի եւ Իքլիմ Թուֆֆահի վերեւ:
ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարարութիւնը կառավարութեան յղեց աշխատավարձերու սրբագրումին վերաբերող օրինագիծ մը` մաղթելով, որ անիկա կարելի ըլլայ ներառել յառաջիկայ 30 նոյեմբերին կառավարութեան քննարկելիք օրակարգին մէջ:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Մորա Քոնելլի հանդիպելէ ետք առեւտուրի եւ տնտեսութեան նախարար Նիքոլա Նահհասի յայտնեց, որ Լիբանանի կացութիւնը մտահոգիչ պիտի դառնայ, եթէ ան իրեն յատուկ Միջազգային դատական ատեանը ֆինանսաւորելու իր յանձնառութիւնը չգործադրէ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Խրէյս շեշտեց, որ երկիրը համայնքային եւ յարանուանական սադրանքներէ փրկելու լաւագոյն զէնքը լիբանանեան ազգային միասնականութիւնն է:
ՍԱՅՏԱՅԻ մէջ անծանօթներու կողմէ հրկիզուեցան չորս ինքնաշարժներ, իսկ պաղեստինեան Այն Հելուէ գաղթակայանին մէջ պայթեցաւ ձայնային ռումբ մը:
ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ալի Ժուզու յայտնեց, որ Իրան մեղսակից է շրջանին մէջ յարանուանական գրգռութիւններու հրահրումին:
ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Վերա Եամմին յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ տեղի ունեցած կիրակի օրուան փառատօնը համեստ փառատօն մըն էր, որ ոչ մէկ նորութիւն բերաւ երկրին քաղաքական կեանքին: Ան շեշտեց, որ այս հանգրուանին կառավարութեան գոյատեւումը անհրաժեշտ է:
ՀԻՈՒԱՐ կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումի յայտնեց, որ քաղաքական խուսանաւումները երկրին ապահովական կայունութիւնը վտանգի կ՛ենթարկեն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ատնան Արաքժի յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ Մուսթաքպալ հոսանքին կազմակերպած քաղաքական փառատօնը ձախող էր ժողովրդային առումով:
ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական համախմբումի անդամ երեսփոխան Մոհամետ Քապպարայի Թրիփոլիի գրասենեակը կրակոցի ենթարկուեցաւ անծանօթներու կողմէ:
ԻՐԱՆԵԱՆ «Փրես Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին համաձայն, Ֆրանսա դէպի Թուրքիա եւ Լիբանան գործուղած է զինուորականներ, որոնց պարտականութիւնն է ստանձնել սուրիական բանակէն անջատուող զինուորներուն մարզումը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ Ռապիէի մէջ ընդունեց նախկին նախարար Զիատ Պարուտը, որ հանդիպումէն ետք յայտնեց, որ զօր. Աունի հետ ունեցած իր հանդիպումը շատ դրական եղած է:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ շրջանին մէջ արաբ ժողովուրդին դիմագրաւած տագնապները հետեւանք են Միացեալ Նահանգներու բանեցուցած ճնշումներուն եւ ներարկած թոյներուն:
ՄԱՐՏ 8-ի քաղաքական ուժերէն աղբիւրներ «Ժումհուրիա» օրաթերթին յայտնեցին, որ Լիբանան կրնայ մութ փակուղի մուտք գործել:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման շուրջ տարակարծութիւնները կարելի է վերստին քննարկել` աւելցնելով, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի պահանջները կառավարութեան վերելքին հիմքը կը կազմեն:
ԸՍՏ «Նահար» օրաթերթին, վարչապետ Նեժիպ Միքաթի յառաջիկայ չորեքշաբթի օրուան նիստին ընթացքին քննարկուելիք օրակարգին մէջ նկատի ունեցած է Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մարուան Համատէ շեշտեց, որ Լիբանանի պաշտպանութեան համար լիբանանեան բանակին եւ ժողովուրդին գոյութիւնը բաւարար է` աւելցնելով, որ այդ տարազէն պէտք է վերցնել Դիմադրութիւնը: