ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԿԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԸ ՎԵՐԸՆՏՐԵՑ ԻՐ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆԸ

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նիստէն պահ մը

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը երէկ Հազմիէի իր կեդրոնին մէջ գումարեց իր առաջին նիստը` նախագահութեամբ Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանի:

Պէտք է նշել, որ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդը 26 հոկտեմբեր 2011-ին հրապարակուած շրջաբերականով մը վերանշանակուած էր:

Երէկուան նիստին ընթացքին քննարկուեցան 2009-2011 տարիներուն ընթացքին խորհուրդին իրագործած նուաճումները, ինչպէս նաեւ կատարուեցաւ խորհուրդի գործադիր մարմինի ընտրութիւնը:

Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին գործադիր մարմինը միաձայնութեամբ  վերընտրուեցաւ` նախագահ ունենալով Առաջին տիկին Ուաֆա Սլէյմանը, փոխնախագահներ` Ռանտա Պըրրի եւ Մայ Միքաթի, ինչպէս նաեւ գործադիր մարմինի անդամներ Սօսի Փոլատեան, Ֆատի Քարամ, Աֆիֆա Սէյիտ, Ղատա Հատիպ, Լէյլա Ազուրի-Ժամհուրի, Նաժուա Ռամատան, Ուաֆա Տիքա Համզա եւ Ֆատիա Քիուան:

ԼԻԲԱՆԱՆՑԻ ԿԻՆԵՐՈՒ ԱԶԳԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ ԵՒ
«ՖՐԱՆՍԱՊԱՆՔ»-ԻՆ ՄԻՋԵՒ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ

Միւս կողմէ, անցեալ շաբթուան ընթացքին Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդի նախագահ Ուաֆա Սլէյման «Ֆրանսապանք» դրամատան հետ ստորագրեց գործակցութեան համաձայնագիր մը, որուն շրջագիծին մէջ նշեալ դրամատունը փոխատուութիւններ պիտի յատկացնէ Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին կազմակերպած սեմինարին մասնակից այն կիներուն, որոնք կը ջանան լիբանանեան ընկերութեան մէջ բարգաւաճում արձանագրել եւ յառաջդիմել:

Նշենք, որ որեւէ ծրագիրի կամ աշխատանքի նախաձեռնող լիբանանցի կին «Ֆրանսապանք»-ի կողմէ նիւթական փոխատուութիւն պիտի ստանայ միայն Լիբանանցի կիներու ազգային խորհուրդին երաշխաւորութեամբ:

Նշենք, որ փոխադարձ այս գործակցութեան նպատակն է նաեւ ամրապնդել տնտեսական մարզի բարգաւաճման մէջ կիներուն ունեցած ներդրումը եւ ամրապնդել անոնց դրական դերակատարութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES