ՍՈՒՏԱՆԻ ՄԷՋ ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՍՏՈՐԱԳՐԵՑ ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ ՄԱՐԶԻՆ ՄԷՋ ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳԻՐ ՄԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան շաբաթավերջին մեկնեցաւ Սուտան, ուր հանդիպումներ ունեցաւ սուտանցի իր պաշտօնակիցին եւ բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու հեռանկարները:
Իր ունեցած հանդիպումներուն աւարտին, նախարար Սապունճեան ստորագրեց գործակցութեան համաձայնագիր մը սուտանցի իր պաշտօնակիցին` Աուատ Ահմետ Ժազի հետ:
Համաձայնագիրին ստորագրութեան նպատակն է լիբանանեան-սուտանական երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդել, յատկապէս ճարտարարուեստի մարզին մէջ:
Համաձայնագիրի ստորագրութիւնը տեղի ունեցաւ Սուտանի ճարտարարուեստի նախարարութեան կեդրոնին մէջ` ներկայութեամբ Սուտանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ահմետ Շամաթի եւ լիբանանցի ու սուտանցի գործատէրերուն:
Համաձայնագիրը ստորագրելէ ետք նախարար Սապունճեան յայտնեց, որ Լիբանանի եւ Սուտանի միջեւ ճարտարարուեստի մարզի յարաբերութիւնները հին են եւ անոնք կ՛երթան մինչեւ ԺԹ. դար: Ան շեշտեց, որ Լիբանանի ճարտարարուեստի նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` դիւրացնելու համար սուտանցի գործատէրերուն եւ ներդրողներուն աշխատանքները ճարտարարուեստի, զբօսաշրջութեան եւ դրամատնային մարզերուն մէջ:
Վ. Սապունճեան շեշտեց նաեւ, որ անհրաժեշտ է փոխադարձ ծանօթացումը բարելաւել` Պէյրութի եւ Խարթումի մէջ ցուցահանդէսներ կազմակերպելով, որպէսզի կարելի ըլլայ երկու երկիրներուն արտադրութիւնները իրարու ծանօթացնել: