«ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԴԻՄԱԳՐԱՒԱԾ ՃԱԿԱՏԱԳՐԱԿԱՆ ԱՅՍ ՊԱՅՄԱՆՆԵՐՈՒՆ ԿԱՐԵԼԻ ՉԷ ՀՐԱԺԱՐԱԿԱՆՈՎ ՍՊԱՌՆԱԼ» ՀԱՍՏԱՏԵՑ ՊՔԵՐՔԷ

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ հանդիպում ունեցաւ Մարոնիներու լիկայի նախագահ Ժոզեֆ Թարապէյի, Մարոնի համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազենի եւ Մարոնի համայնքի արտերկրի հաստատութեան նախագահ Միշել Էտտէի հետ:

Հանդիպումէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ շեշտուեցաւ, որ Լիբանանի դիմագրաւած ճակատագրական այս պայմաններուն կարելի չէ հրաժարականով սպառնալ:

Մարոնի համայնքի կառոյցներուն պատասխանատուներն ու հոգեւոր պետը հաստատեցին, որ կառավարութեան մաս կազմող քաղաքական ուժերը պէտք է համագործակցին եւ բարձրանան պատասխանատուութեան գերագոյն մակարդակին, որպէսզի կարելի ըլլայ երկրին մէջ վստահութիւնը երաշխաւորել:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Լիբանան պէտք է յանձնառու մնայ միջազգային օրինականութեան եւ ժողովուրդին ու երկրին ճակատագիրով արկածախնդրութիւն չկատարէ:

 

Share this Article
CATEGORIES