ԱՐԱԲԱԿԱՆ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԵՐԷԿ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԵՑ ՍՈՒՐԻՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ՀԱՐՑԵՐՈՒՆ ՕՏԱՐ ՄԻՋԱՄՏՈՒԹԻՒՆԸ ԴԱՏԱՊԱՐՏՈՂ ԿԼՈՐ ՍԵՂԱՆ ՄԸ
Կազմակերպութեամբ Արաբական միջազգային համախմբումին, երէկ «Կալերիա» (նախապէս` «Մարիոթ») պանդոկին մէջ տեղի ունեցաւ կլոր սեղան մը, որուն մասնակիցները խստիւ դատապարտեցին Սուրիոյ ներքին հարցերուն օտար միջամտութիւնները:
Կլոր սեղանին մասնակցեցան աւելի քան 300 քաղաքական անձնաւորութիւններ:
Կլոր սեղանին աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ նշուեցաւ, որ Սուրիոյ ներքին հարցերուն կատարուած միջամտութիւնները կարմիր գիծեր են եւ ոչ մէկ պարագայի կրնան արդարացում գտնել:
Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ նաեւ, որ Սուրիոյ դէմ Արաբական լիկայի որոշումները յստակ դրսեւորումը կը նկատուին ամերիկեան ցուցմունքներուն:
Կլոր սեղանին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ նախկին վարչապետ Սելիմ Հըս, որ իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ եթէ Սուրիոյ մէջ իրապէս ժողովրդավարութիւն ըլլար, ապա ան այս տագնապը չէր դիմագրաւեր: Ան ընդգծեց, որ Սուրիոյ մէջ բարեկարգումի մեկնակէտը պէտք է ըլլայ ընտրական նոր օրէնք մը, որ երկրին մէջ ժողովրդավարութեան արմատները կը խարսխէ:
Լիբանանի մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի նշեց, որ Սուրիա եւ անոր նախագահը` Պաշշար Ասատ, շատ լուրջ են իրենք զիրենք վերատեսութեան ենթարկելու եւ պատասխանատուութեամբ բարեկարգումներ իրականացնելու առումով:
Ալի դիտել տուաւ, որ Դամասկոսի մէջ գործադրուելիք բարեկարգումները խոր են, որովհետեւ անոնք ռազմավարական ընտրանքներ են` ամրապնդելու համար Սուրիան:
Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Ղատանֆար Ապատի ընդգծեց, որ Իրան կը զօրակցի ամբողջ աշխարհի մէջ ժողովուրդներուն իրաւունքներուն: Ան նշեց, որ Իրան կը զօրակցի նաեւ սուրիացի ժողովուրդին համար որդեգրուելիք բարեկարգումներուն եւ նախագահ Ասատի ղեկավարութեան:
Ապատի շեշտեց, որ արաբական աշխարհին մէջ վերջերս արձանագրուած շարժումները հիմնական մէկ նպատակ ունին եւ այդ նպատակն է Իսրայէլի փրկութիւնը:
Պետական նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ Սուրիոյ շարժումներուն առաջին իսկ օրէն նախագահ Ասատ բարեկարգումի դռները բաց պահած է:
Իր կարգին, բրիտանացի երեսփոխան Ճորճ Կալըուէյ ըսաւ. «Կը մաղթէինք, որ Արաբական լիկան Իսրայէլի` դէմ պատժամիջոցներ որդեգրէր»: