ՊԸՐՐԻ ՓԻԵԹՈՆԻ ՀԵՏ ՔՆՆԱՐԿԵՑ ԵՐԿԿՈՂՄԱՆԻ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ

Դեսպան Փիեթոն եւ Պըրրի

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Հանդիպումէն ետք Փիեթոն մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու:

Այն Թինէի այցելուներէն եղան նաեւ ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, մարմնակրթութեան եւ երիտասարդութեան նախարար Ֆայսալ Քարամէ եւ նախկին նախարար Ժան Օպէյտ:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած  իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ինք մտահոգ չէ կառավարութեան ճակատագիրով` աւելցնելով, որ ինք ճիգ չի խնայեր փրկելու համար կառավարութիւնը իր գտնուած կացութենէն:

Այլ գետնի վրայ, լիբանանցի քաղաքական ականաւոր անձնաւորութիւն մը, որ նախանցեալ օր հանդիպում մը ունեցած էր խորհրդարանի նախագահին հետ, «Ախպար» օրաթերթին յայտնեց, որ Պըրրի համոզուած է, որ կառավարութիւնը մօտիկ ապագային կարելի պիտի չըլլայ տապալել:

 

Share this Article
CATEGORIES