«ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆՆ Է, ՈՐ 11 ԱՄԻՍԷ Ի ՎԵՐ ԼԻԲԱՆԱՆԸ ԿԸ ՊԱՇՏՊԱՆԷ ՇՐՋԱԿԱՅ ԵՐԿԻՐՆԵՐՈՒ ՏԱԳՆԱՊԱԼԻ ԿԱՑՈՒԹԵՆԷՆ» ՇԵՇՏԵՑ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ յայտնեց, որ Լիբանան 11 ամիսէ ի վեր շրջակայ երկիրներու տագնապալի կացութենէն կը պաշտպանուի` շնորհիւ իր ժողովրդավարութեան:
Ան հաստատեց, որ հարկ է հեռու մնալ սխալ գրաւներէն:
Նախագահ Սլէյման այս յայտարարութիւնները կատարեց Պաապտայի մէջ Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքայի նորընտիր նախագահ Նուհատ Ժապըրը ընդունելու ընթացքին:
Երեկոյեան նախագահ Սլէյման ընդունեց արտաքին գործոց նախարար Ատնան Մանսուրը, որուն հետ քննարկեց Գահիրէի մէջ տեղի ունեցած արաբ արտաքին գործոց նախարարներու նիստին մանրամասնութիւնները:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց ընկերային հարցերու նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որուն հետ քննարկեց նախարարութեան հարցերը:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատի այցելուներէն եղաւ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել, որ հանրապետութեան նախագահին հետ քննարկեց երկրին ապահովական կացութիւնը, ինչպէս նաեւ ներքին գործոց նախարարութեան վերաբերող հարցեր:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց երեսփոխան Ռոպեր Ֆատելը, ինչպէս նաեւ նախկին նախարարներ Խալիլ Հըրաուին, Քարամ Քարամն ու Իսամ Խուրին: