ՊԵՆԵՏԻԿՏՈՍ ԺԶ. ՊԱՊԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻՆ
Վատիկանի մէջ Պենետիկտոս ԺԶ. պապը երէկ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, Լիբանանի մէջ քրիստոնեայ համայնքին իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանային զարգացումները:
Շուրջ 35 վայրկեան տեւած դռնփակ հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Միքաթի պապին յանձնեց Լիբանան այցելութեան հրաւէր մը, որուն իբրեւ պատասխան Պենետիկտոս ԺԶ. պապը յայտնեց, որ ինք կը միտի յառաջիկայ տարուան աշնան այցելել Լիբանան:
Պապը ընդգծեց նաեւ, որ ինք համոզուած է, որ Լիբանան աշխարհի բոլոր երկիրներուն միջեւ պիտի շարունակէ մնալ պատգամի երկիրը, որուն համար ինք աղօթք պիտի բարձրացնէ առ Աստուած:
Իր կարգին, վարչապետ Միքաթի ընդգծեց, որ Լիբանան կրնայ թռիչք առնել իր քրիստոնեայ եւ իսլամ թեւերով: Ան կոչ ուղղեց միասնական գործակցութեան կամքը հզօրացնելու եւ հանդուրժողականութեան սկզբունքին հետեւելու:
Վարչապետ Միքաթի հաստատեց, որ քրիստոնեայ համայնքին զաւակներուն Լիբանանէն արտագաղթը երբեք կրօնական հարցերու հետ չէ կապուած, այլ` տնտեսական դաժան պայմաններու:
Պապին եւ վարչապետին միջեւ հանդիպումէն ետք, Պենետիկտոս ԺԶ. ընդունեց Միքաթիի կինը եւ տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Վատիկանի ընդհանուր քարտուղար կարտինալ Թրշիսիօ Փերթոնիի եւ արտաքին գործոց նախարար Տոմինիք Մամպերթիի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին Փերթոնի եւ Մամպերթի շեշտեցին, որ Վատիկան մտահոգ է Միջին Արեւելքի մէջ տիրող կացութեամբ` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է հանդարտեցնել Միջին Արեւելքի կացութիւնը:
Վարչապետ Միքաթի հանդիպում մը ունեցաւ նաեւ Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Կրոլիօ Թերզի տի Սանթիակոյի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան-իտալական երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Տի Սանթիակօ յայտնեց, որ Իտալիա կը զօրակցի Լիբանանին, ինչպէս նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին եւ Լիբանանի միջազգային յանձնառութիւններուն նկատմամբ վարչապետ Միքաթիի կեցուածքներուն:


