«ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԻ ԼՈՒԾՄԱՆ ԺԱՄԱՆԱԿԸ ԵԿԱԾ Է» Կ՛ԸՍԷ ԼԵՆՄԱՐՔԸՐ
ԵԱՀԿ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի նախկին նախագահ Կորան Լենմարքըր ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման ժամանակը եկած է:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ «ինչպէ՞ս կը գնահատէք ղարաբաղեան տագնապի լուծման ներկայ բանակցային հոլովոյթը», Լենմարքըր ըսած է.
«Նախ եւ առաջ, ես կը կարծեմ, որ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի լուծման ժամանակը եկած է: Ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հարցը պէտք է հասարակական քննարկումներու նիւթ դարձնել ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Ազրպէյճանի մէջ, որպէսզի տրուելիք վերջնական որոշումը ընդունելի ըլլայ ե՛ւ հայ, ե՛ւ ազրպէյճանցի ժողովուրդներուն համար: Հակառակ պարագային, դժուար թէ լուծում գտնուի: Իսկ ատիկա կը նշանակէ, որ սթաթիւս քոյին վերջ պիտի դրուի եւ մեծ թիւով մարդիկ պիտի տուժեն»: