ԶՕՐ. ԱՈՒՆ. «ԵԹԷ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՄԵՐԺԷ ՍՏՈՐԱԳՐԵԼ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԸ, ԱՊԱ ԱՆ Կ՛ԱՆԴԱՄԱԼՈՒԾԷ ԵՐԿՐԻՆ ԻՇԽԱՆՈՒԹԻՒՆԸ»

Զօր. Աուն կը զրուցէ լրագրողներուն հետ

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք Ռապիէի մէջ նախագահեց համախմբումի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին` զօր. Աուն անդրադառնալով կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին, յայտնեց, որ եթէ հանրապետութեան նախագահը

կը մերժէ միագոյն կառավարութեան կազմ մը վաւերացնել, ապա ան անդամալուծած կ՛ըլլայ երկրին իշխանութիւնը:

Զօր. Աուն շեշտեց, որ 2006-էն ի վեր բոլորս Լիբանանը կը փորձենք ամրապնդել` միջհամայնքային բախումներու եւ լարուածութեան իմաստով. ան ընդգծեց, որ մինչեւ օրս կացութիւնը հակակշիռի տակ է` աւելցնելով, որ երկրին մէջ ուժերու կշիռը այնպէս մըն է, որ մեծ ուժերը հարցեր չեն ստեղծեր, ինչպէս նաեւ հակակշիռի տակ կ՛առնեն ոմանց կողմէ միջհամայնքային գրգռութիւններ յառաջացնելու ախորժակները:

Զօր. Աուն յայտնեց, որ ինք տակաւին տեղեակ չէ, թէ կառավարութիւնը քանի անդամ պիտի հաշուէ` նշելով, որ կառավարութիւնը կազմելու ժամկէտ չէ ճշդուած, սակայն տրամաբանութեան սահմաններուն մէջ կարելի է նկատի ունենալ այդ ժամկէտը:

Ան հաստատեց, որ իրենք համաձայն են բոլոր այն քայլերուն, որոնք կ՛առնուին օրէնքին եւ սահմանադրութեան հիման վրայ:

Զօր. Աուն հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ իրենք իրաւունք չունին մեծամասնութիւն դառնալու:

Պատասխանելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ նախանցեալ օրուան հանդիպումին մասին հարցումի մը` զօր. Աուն շեշտեց, որ այդ հանդիպումը հեզասահ եղած է եւ վերլուծումները դրական:

Միւս կողմէ, Ռապիէի մէջ առաւօտեան զօր. Աուն ընդունեց Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարի միջինարեւելեան հարցերու օգնական Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տեղական եւ շրջանային զարգացումները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան դիւանագիտական յարաբերութիւններու պատասխանատու Միշել տը Շատարեւեան:

 

Share this Article
CATEGORIES