ՊԸՐՐԻ. «ՓՏԱԾՈՒԹԵԱՆ ԴԷՄ ԶՕՐ. ԱՈՒՆԻ ՄՂԱԾ ՊԱՅՔԱՐԻՆ ՆԵՑՈՒԿ ՊԻՏԻ ԿԱՆԳՆԻՄ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ներկայացուցիչ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը: Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ:

Պըրրիի այցելեց նաեւ Լիբանանեան ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Թալալ Արսլանը, որ խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ինք զօրավիգ պիտի կանգնի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունին` փտածութեան դէմ անոր մղած պայքարին մէջ:

Պըրրի ընդգծեց, որ այդ պայքարին մէջ ինք շատ խիստ պիտի ըլլայ, այն աստիճան, որ բոլորը պիտի զարմանան:

Պըրրի հաստատեց, որ համայնքային վարչակարգը տապալելու նպատակով կազմակերպուած ցոյցերը ինք չէ որ կ՛առաջնորդէ` աւելցնելով սակայն, թէ այդ ցոյցերուն ինք հպարտութեամբ կը մասնակցի եւ կը զօրակցի ցուցարարներուն պահանջներուն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES