ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԼԷՅՄԱՆ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՄԻՔԱԹԻԻ ՀԵՏ ԿԸ ՔՆՆԱՐԿԷ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԵԱՆ ՀՈԼՈՎՈՅԹԸ
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթին, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւններ, ինչպէս նաեւ Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:
Շուրջ 45 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք Միքաթի մեկնեցաւ` մերժելով յայտարարութիւն կատարել:
Կառավարութեան կազմութեան իմաստով վարչապետ Միքաթիի աղբիւրները «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ վարչապետին խորհրդակցութիւնները չեն խզուած, որպէսզի կարիքը զգացուի միջնորդի մը, այս պարագային` երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի, որուն որդեգրած քայլերը բնական են:
Նոյն աղբիւրները նկատել տուին, որ այս շաբթուան ընթացքին կառավարութեան ծնունդը կարելի պիտի չըլլայ յայտարարել:
Միւս կողմէ, «Սաֆիր» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին Միքաթի հաստատեց, որ ինք բոլոր կողմերուն հետ խորհրդակցութիւնները կը շարունակէ եւ բոլոր հարցերը կարելի է լուծել` շեշտելով, որ ներկայիս իր կատարած հաղորդակցութիւնները շատ աւելի դրական են: