ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՖՈՒԹՊՈԼԻ 20-ՐԴ ԱԽՈՅԵԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ

Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջէն կը տեղեկանանք, որ շաբաթ, 26 նոյեմբերին, Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիայի Առնօ Պապաճանեանի անուան համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի ֆութպոլի 20-րդ ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութեան հանդիսաւոր արարողութիւնը: Ներկաներուն ցուցադրուեցաւ 2011 տարուան ֆութպոլի ամփոփ տեսանիւթը, որմէ ետք սկսաւ մրցանակաբաշխութիւնը, զոր կը վարէր Հանրային պատկերասփիւռի մարզական մեկնաբան Էդուարդ Քալանթարեան:

Ախոյեանութեան առաջին տիտղոսը եւ ոսկի մետալները յանձնուեցան 2010-2011 տարեշրջանի ֆութսալի ախոյեան Էրեբունիի: Պարգեւատրուեցան նաեւ լաւագոյն ռմբարկու Մհեր Նազարէթեան (Փոլիթեքնիք) եւ լաւագոյն ֆութպոլիստ Յակոբ Ուզունեան (Էրեբունի):

Ֆէյր-փլէյի տիտղոսին տիրացան Ուլիս եւ Բանանց-2 խումբերը, որոնք յաջորդաբար հանդիսացան բարձրագոյն եւ Ա. դասակարգի ախոյեան:

Լաւագոյն ռմբարկուի տիտղոսին տիրացաւ Պրունօ Քորիա (Բանանց), որ նշանակեց 16 կոլ:

Ապա, մեծարուեցան Հայաստանի ֆութպոլի ախոյեանութեան պրոնզէ (Գանձասար), արծաթէ (Փիւնիկ) եւ ոսկի մետալակիրները: Ախոյեան Ուլիս իր տիտղոսը եւ ոսկի մետալները ստացաւ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանէն:

Արարողութեան ընթացքին տարբեր ընկերութիւններ եւ լրատուամիջոցներ շնորհեցին անհատական մրցանակներ:

Share this Article
CATEGORIES