ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. ԱՅՍՕՐ` ԱՀԻԱ ՌԻԱՏԱ – ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` երեքշաբթի, 29 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ Պէյրութ հիւրը պիտի ըլլայ Ահիա Ռիատայի: Մրցումը, որ պիտի սկսի ժամը 20:30-ին, տեղի պիտի ունենայ Քահրապայի դաշտին վրայ (Զուք):
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն համար տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք ժամը 19:00-ին «Շաղզոյեան» կեդրոնէն եւ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրէն համակիրները պիտի փոխադրեն Քահրապայի դաշտ:
Մրցումին ներկայ պիտի ըլլայ նաեւ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբը:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ տարեշրջանը սկսաւ յաղթանակով, երբ 71-59 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Անթունիէն:
CATEGORIES Մարզական

