ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ՊԱՍՔԵԹՊՈԼ. – ՀՄԸՄ ՊԷՅՐՈՒԹ ԱՐՁԱՆԱԳՐԵՑ ԻՐ ԵՐԿՐՈՐԴ ՅԱՋՈՐԴԱԿԱՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ – ԱՅՍՕՐ` ՀՄԸՄ- ՄՈՒԹԹԱՀԵՏ ԹՐԻՓՈԼԻ

Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 29 նոյեմբերին, ՀՄԸՄ Պէյրութի կազմը կատարեց իր երկրորդ մրցումը` Քահրապայի դաշտին վրայ հիւրը ըլլալով Ահիաա Ռիատայի:

ՀՄԸՄ-ի տղաքը արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաջորդական յաղթանակը` 75-67 արդիւնքով պարտութեան մատնելով իրենց մրցակիցը, որ իր կատարած առաջին մրցումին իր կարգին յաղթանակ մը արձանագրած էր: Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 16-25, 15-14, 16-17 եւ 21-19:

ՀՄԸՄ-էն ամէնէն աւելի շատ կէտը նշանակեց Սեւակ Քեթենճեան (19 կէտ): Անոր խմբակիցները` Ռուտի Ֆարրաժ եւ Էլի Ասմար, նշանակեցին 15-ական կէտ:

Նշենք, որ այս մրցումին ներկայ գտնուած ՀՄԸՄ-ի համակիրները, որոնք յատուկ փոխադրակառքերով ուղղուած էին Քահրապայի դաշտ, ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ քաջալերեցին իրենց կազմը` արձանագրուած յաղթանակը տօնելով միասնաբար:

ՀՄԸՄ-ի յաջորդ մրցակիցն է Ռիատի Ղազիր: Մրցումը տեղի պիտի ունենայ չորեքշաբթի, 7 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 19:30-ին, «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ աղջկանց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, այսօր` չորեքշաբթի, 30 նոյեմբերին, երեկոյեան ժամը 20:30-ին, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Մութթահետ Թրփոլին:

Նշենք, որ տարեշրջանի իր կատարած առաջին մրցումին, ՀՄԸՄ-ի աղջիկները 58-41 արդիւնքով պարտութեան մատնեցին Պըրժ Այնթուրան:

 

Share this Article
CATEGORIES