ՀՄԸՄ-Ի ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ՀՄԸՄ-Ի ՀԵԾԵԼԱՐՇԱՒԻ ԽՈՒՄԲԵՐԸ
Շաբաթ, 26 նոյեմբեր 2011-ին, յատուկ հանդիսութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ Ազգային Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճի սրահին մէջ, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութիւնը պատուեց ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբերը:
Հանդիսութեան բացումը կատարեց Շրջանային վարչութեան անդամ Միշել Տիք Խորոզեան, որ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն:
Ապա խօսք առաւ ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յակոբ Քէշիշեան, որ յայտնեց, որ հաւաքուած ենք պատուելու համար ՀՄԸՄ-ի հեծելարշաւի խումբերը եւ հպարտութեամբ յայտնելու, որ ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն Սալահ Ռապահ հանդիսացած է 2011 տարեշրջանի Լիբանանի հեծելարշաւի անհատական ախոյեան:
«ՀՄԸՄ հեծելարշաւի մարզը որդեգրած է 1931-ին եւ եղած է Լիբանանի հեծելարշաւի հիմնադիր անդամներէն մէկը: 1948-ին եւ աւելի ուշ` 1952-ին, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ եւս անդամակցած է յիշեալ ֆետերասիոնին, իսկ Զահլէ` 1955-ին:
«ՀՄԸՄ տարիներ շարունակ ունեցած է իր ներկայացուցիչները հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մէջ, որոնք ստանձնած են պատասխանատու պաշտօններ ֆետերասիոնին մէջ` իբրեւ նախագահ, գանձապահ եւ կամ թեքնիք յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ:
«Այժմ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ-ի Պէյրութի, Այնճարի, Անթիլիասի եւ Պուրճ Համուտի մասնաճիւղերը: Իսկ ֆետերասիոնին մաս կը կազմեն ՀՄԸՄ-ական երեք եղբայրներ: Անոնք են` Վաչէ Ծատուրեան (նախագահ), Նազարէթ Հապիպեան եւ Սահակ Խաչատրեան:
Յակոբ Քէշիշեան, յիշելով վեթերան եղբայրներուն անունները, յայտարարեց, որ «կարելի չէ մոռնալ այն անձերը, որոնք նուաճելով խմբային թէ անհատական ախոյեանութիւններ, բաժակներ եւ զանազան մրցաշարքեր, յիշեալ փայլուն արդիւնքներուն շնորհիւ ՀՄԸՄ-ի անունը ոսկեզօծ տառերով արձանագրած են Լիբանանի հեծելարշաւի պատմութեան մէջ»:
ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ատենապետը փափաք յայտնեց, որ անոնք իրենց համար իբրեւ օրինակ եւ իտէալ դարձնեն այդ անունները եւ անսակարկ նուիրումով շարունակեն քալել անոնց գծած ուղիէն` բարձր պահելով ՀՄԸՄ-ի ջահը:
Ապա Շրջանային վարչութեան խօսքէն ետք ատենապետին ձեռամբ յուշանուէրներ ստացան Լիբանանի ախոյեան Սալահ Ռապահ, հեծելարշաւի խումբի մարզիչ Ժան-Փիեռ Ֆարժալլա եւ խումբի խմբապետ Կարինէ Օհանեան:
ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
26 նոյեմբեր, 2011