50 ՏԱՐԻ ԱՌԱՋ (30 ՆՈՅԵՄԲԵՐ 1961)

ՏՈՄՍԵՐ

ԹԱՄԶԱՐԱՅԻ ՈՒՐՈՒԱԿԱՆԸ

Մեր քաղաքէն մօտ մէկ ժամ հեռու Թամզարա անունով մեծ գիւղ մը կար:

Նշանաւոր էր իր գլգլան ջուրերով, պտղառատ պարտէզներով եւ քանի մը եկեղեցիներով:

Շատ մը ընտանիքներ` քաղաքէն կ՛երթային Թամզարա, իրենց կիրակին հոն անցընելու եւ օդասուն պարտէզներու մէջ, հոսուն առուակներու եզերքը կը սարքէին` քէֆեր, թութի աննման օղին ճնկելով:

Աւելի քան կէս դար առաջ, մանկութեանս օրերուն դպրոցի աշակերտներով մեզ ալ երբեմն պտոյտի կը տանէին այդ գեղեցիկ գիւղը, ուր, զարմանալիօրէն, թուրքեր, իրենց կանաչ փաթթոցներով հետերնիս հայերէն կը խօսէին:

Այդպիսի պտոյտներէն մէկուն ընթացքին էր, որ մեզի պատմեցին շատ անհաւատալի դէպք մը:

Լաւ չեմ յիշեր, թէ գիւղին ո՛ր մէկ թաղէն կամ գերեզմաննոցէն կ՛անցնէինք,  բոլորս կանգ առինք` դիտելու համար գոռէլի գերեզմանը: (Գոռէլ մեր քաղաքի լեզուով կը նշանակէ շան սատակ):

Մեզի ըսին հետեւեալը.

Տղաք, այստեղ թաղեցին շատ անպիտան, վարնոց եւ դաւաճան մարդ մը:

Թաղուելէն քանի մը օր ետք, ժողովուրդը զարհուրանքով տեսաւ որ մեռելը ելեր է հողին երեսը, խորթլամիշ եղեր է:

Այսպէս, քանի մը անգամ թաղուելէ եւ հողին երեսը ելլելէ վերջ, գիւղացիները կ՛որոշեն ջուրի հոսանքին տալ` որ տանի այդ անիծուած դիակը:

Խելահաս մարդիկ այդ օրերուն տուած են հետեւեալ բացատրութիւնը. «Այս մարդը իր կեանքին մէջ այնպիսի ոճիրներ, անարդարութիւններ եւ դաւաճան արարքներ գործած է, որ հողն անգամ զինք չէ ընդունած իր ընդերքին մէջ եւ զայն դուրս շպրտած է իր ծոցէն»:

Ցուցանէ առակս:

Ընթերցողներս անմիջապէս հասկցած պիտի ըլլան միտքս թէ` ինչու յիսուն տարի առաջ պատահած այս դէպքը կը յիշեմ այսօր:

Եթէ 1908-ին Թամզարայի մէջ երեւան եկաւ ոճրագործ դաւաճան մը, այդ թուականէն քառորդ դար վերջ մէջտեղ ելաւ աւելի ահաւոր ոճրագործ մը որ լեմոն քամել տուաւ եկող ու գացող բոլոր մարդասպաններուն, Ճէնկիզ Խաներու եւ Լէնկթիմուրներու վրայ:

Ես վստահ եմ, որ այն ինչ որ պատահեցաւ: Թամզարայի մէջ 1908-ին, պիտի պատահի Մոսկուայի մէջ, եւ «հանճարափայլ»ին դիակը մի քանի անգամ տեղափոխելէ վերջ, պիտի նետեն Տոն գետը, միանգամընդմիշտ ազատելու համար անոր տխուր մղձաւանջէն:

Խորհրդային երկիրներու անհաւատ ղեկավարները պէտք է հաշուի առնեն նախախնամութեան վրէժխնդրութիւնը, որ ուշ կամ կանուխ պիտի շանթահարէ բոլոր տեսակի ջարդարարները եւ բռնապետները : Այսպէս է եղած պատմութեան ընթացքին:

Գ.

Share this Article
CATEGORIES