«ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՏԵՂԱԿԱՅՈՒԵԼԻՔ ՕԹԱՆ-Ի ՀԱԿԱՀՐԹԻՌԱՅԻՆ ՏԱՐՐԵՐԸ ՌՈՒՍԻՈՅ ՀԱՄԱՐ ՈՐԵՒԷ ՎՏԱՆԳ ՉԵՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԵՐ» Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու թրքական «Զաման» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիոյ մէջ տեղակայուելիք ՕԹԱՆ-ի հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրերը Ռուսիոյ համար որեւէ վտանգ չեն ներկայացներ:
«Թուրքիոյ մէջ տեղակայուելիք Հակահրթիռային պաշտպանութեան տարրերը ոչ թէ յարձակողական, այլ` պաշտպանական բնոյթի են: Այնպէս որ, անոնք Ռուսիոյ համար որեւէ վտանգ չեն կրնար ներկայացնել», ըսած է Տաւութօղլու:
Յիշեցնենք, որ ՕԹԱՆ-ի համար նախատեսուած ռատարը պիտի տեղակայուի Թուրքիոյ տարածքին մէջ:
CATEGORIES Միջազգային