«ԹՈՒՐՔԻԱ ԺԱՄԱՆԱԿԻՆ ԴԱՏԱՐԿ ՍՏԱՄՈՔՍ ԵՒ ՓՈՔՐ ՈՒՂԵՂ ՈՒՆԷՐ Կ՛ԸՍԷ ՏԱՒՈՒԹՕՂԼՈՒ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու բրիտանական «Ֆայնենշըլ Թայմզ» օրաթերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ Թուրքիա ժամանակին մկանոտ թեւեր, դատարկ ստամոքս, փոքր ուղեղ եւ թրթռացող սիրտ ունէր:
«Թուրքիա նախապէս նման էր մկանոտ թեւեր, դատարկ ստամոքս, փոքր ուղեղ եւ թրթռացող սիրտ ունեցող մարդու մը: Մկանոտ թեւերը կը խորհրդանշեն բանակի ուժը, դատարկ ստամոքսը` ռազմավարական թոյլ մտածողութիւնը, թրթռացող սիրտը` ինքնավստահութեան զգացումի պակասը», ըսած է Տաւութօղլու` ընդգծելով, որ ներկայիս Թուրքիա աշխարհին կը ներկայանայ բոլորովին այլ ձեւով:
«Շարք մը մարդիկ կը վախնային, որ Թուրքիոյ մէջ իշխանութեան պիտի գան արմատական իսլամականները, կը վախնային, որ Թուրքիան պիտի մասնատուի: Բոլորը մեր թշնամիներն էին` յոյները, ռուսերը, իրանցիները, արաբները: Ատիկա ինքնավստահութեան զգացումի պակաս էր: Հիմա գաղափարները փոխուած են: Այսօր նոր Թուրքիան առնուազն ունի մկանոտ թեւեր եւ լեցուն ստամոքս: Մենք այլեւս Միջազգային դրամական ֆոնտի վարկերուն կարիքը չենք զգար», ըսած է Թուրքիոյ դիւանագիտութեան պետը: