ԻՐԱՆՑԻ ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԴԵՍՊԱՆԱՏՈՒՆ ՆԵՐԽՈՒԺԱԾ ԵՆ
Իրանի մէջ հակաբրիտանական ցոյց կատարող ուսանողներ Թեհրանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպանատուն ներխուժած են:
Ցուցարարները վար առած են Բրիտանիոյ դրօշակը, այրած են զայն եւ անոր տեղ բարձրացուցած Իրանի դրօշակը: Բացի ատկէ, անոնք Բրիտանիոյ Էլիզապեթ Բ. թագուհիի` դեսպանատան պատէն կախուած լուսանկարը վերցուցած են:
Ըստ կարգ մը տեղեկութեանց, ցուցարարները դեսպանատան անձնակազմի անդամներ պատանդ բռնած են:
CATEGORIES Միջազգային