ՄԱՐՈՔԻ ԹԱԳԱՒՈՐԸ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄՈՒԹԻՒՆԸ ՎՍՏԱՀԵՑԱՒ ԻՍԼԱՄԱԿԱՆՆԵՐՈՒՆ
Ընտրութիւններուն մէջ իսլամական Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան արձանագրած մեծ յաղթանակէն ետք, Մարոքի Մոհամետ Զ. թագաւորը կուսակցութեան ղեկավար Ապտել Իլահ պըն Քիրանին վստահեցաւ նոր կառավարութիւն մը կազմելու պարտականութիւնը:
Մարոքի նոր նշանակուած վարչապետը յոյս յայտնեց, որ մարոքցիներու ծառայութեան իր առաքելութեան մէջ յաջողի` փափաք յայտնելով, որ կարենայ թագաւորին առջեւ կատարելիք իր երդումին բովանդակութեան մեծամասնութիւնը կատարել:
Միւս կողմէ, Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը հանրութեան մտահոգութիւնները փարատելու ջանքով մը յայտարարեց, որ երկրին մէջ գինետուները պիտի չփակուին, իսկ իրենց համար առաջնահերթութիւնը կրթութիւնն ու անգործութեան դէմ պայքարն է: Անոնք խոստացան կիներուն լաչակ կրել չպարտադրել եւ քաղաքացիներուն անձնական ազատութիւնները չսահմանափակել: