ԱՆԳԱՐԱ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԱՊԱՀՈՎԱԿԱՆ ԳՕՏԻԻ ՍՏԵՂԾՈՒՄԸ ՉԻ ԲԱՑԱՌԵՐ
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ Թուրքիա կրնայ միջազգային ընտանիքին հետ համակարգաբար, Սուրիոյ հետ իր սահմանին վրայ ապահովական գօտի ստեղծելու որոշում տալ, եթէ այդ երկրէն գաղթականներու դէպի Թուրքիա մեծ հոսք տեղի ունենայ:
Ան թրքական «Քանալ24» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Սուրիոյ մէջ ապահովական գօտի մը ստեղծելու մասին հարցումի մը պատասխանելով ըսաւ, որ «բոլոր դիպաշարերը կը սերտենք® եւ եթէ հազարաւոր անձեր դէպի մեր սահմանը փախչին, ապա կացութիւնը պիտի փոխուի: Կրնանք միջազգային ընտանիքին հետ համակարգաբար միջոցառումներ որդեգրել»` աւելցնելով, որ «իր ժողովուրդը չարչարող որեւէ վարչակարգ (իր իշխանութիւնը) շարունակելու առիթ չունի»:
Թուրքիոյ փոխադրամիջոցներու նախարար Պինալի Եըլտըրըմ իր կարգին յայտնեց, որ Թուրքիա մտադիր է առեւտուրի տարանցման համար Սուրիոյ տարածքէն հրաժարիլ, «եթէ (Սուրիոյ մէջ) կացութիւնը վատթարանայ»: Ան նշեց, որ Անգարա մտադիր է առեւտուրի տարանցումը կատարել Իրաքի ճամբով:
Թուրքիոյ ուժանիւթի նախարար Թաներ Եըլտըզ յայտարարեց, որ Թուրքիա դէպի Սուրիա ելեկտրականութեան արտածումը պիտի չընդհատէ, որովհետեւ այդ մէկը մարդասիրական օժանդակութիւն կը նկատէ:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Սուրիոյ զէնք մատակարարելու առնչութեամբ արգելք հաստատելուն դէմ արտայայտուած է: Ան կոչ ուղղած է դասեր քաղելու Լիպիայէն, ուր այդ արգելքը կիրարկուեցաւ միայն կառավարական բանակին սպառազինութիւն մատակարարելուն դէմ: Նշենք, որ Ռուսիա Սուրիոյ զէնք կը մատակարարէ:
«Խմբակները, որոնք ներառեալ այլ երկիրներէ Սուրիա եկած քաղաքացիներէ կը ձեւաւորուին, աշխուժ կերպով կը զինուին: Այդ իսկ պատճառով Սուրիոյ սպառազինութիւններ մատակարարելու դէմ արգելք դնելու մասին առաջարկները բաւական անարդար են: Մենք գիտենք, որ Լիպիոյ զէնք մատակարարելու դէմ դրուած արգելքը ինչպէ՛ս կը գործէր. անիկա, ըստ էութեան, կը կիրարկուէր միայն լիպիական բանակին զէնք մատակարարելուն դէմ, իսկ ընդդիմութիւնը այդ զէնքը կը ստանար», ըսած է Լաւրով:
Ան աւելցուցած է, որ Սուրիոյ զէնք մատակարարելու դէմ արգելք հաստատելու մասին կոչերուն իրենք «պիտի վերաբերին` հաշուի առնելով Լիպիոյ փորձառութիւնը եւ այն, որ իրենց գործընկերները ինչպիսի՛ վարուելակերպ կ՛որդեգրեն»: Ռուսիոյ դիւանագիտութեան ղեկավարը Արեւմուտքին կոչ ուղղած է Սուրիոյ այլեւս վերջնագիրեր չներկայացնելու:
Հետաքրքրական զարգացումով մը, Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Ճօ Պայտըն երէկ անակնկալ այցելութեամբ մը Իրաք մեկնեցաւ: Իրաք կը մերժէ գործադրել Արաբական լիկայի կողմէ Սուրիոյ դէմ հաստատուած պատժամիջոցները: Նշենք, որ Պայտըն 2 դեկտեմբերին Թուրքիա պիտի այցելէ` քննարկելու համար Սուրիոյ տագնապը: Իսրայէլի նախագահ Շիմոն Փերես երէկ իր կարգին անակնկալ այցելութեամբ մը Յորդանան մեկնած էր:
Սէուտական Արաբիա Քաթարի, Պահրէյնի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու օրինակին հետեւելով` իր քաղաքացիներուն թելադրեց Սուրիայէն անմիջապէս հեռանալ:

