ՖՐԱՆՍԱ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ԱՐՏԱՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐՆԵՐՈՒ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԻՆ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ Կ՛ՈՒԶԷ

Թրքական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Պեռնար Վալերօ ըսած է, որ Փարիզ առաջարկած է, որ Թուրքիա մասնակցի Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու` սուրիական տագնապին առնչութեամբ յառաջիկային տեղի ունենալիք հանդիպումին:

«Մենք առաջարկած ենք, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումին մասնակցին ե՛ւ Թուրքիան, ե՛ւ Արաբական լիկայի ընդհանուր քարտուղարը», ըսած է Վալերօ:

Share this Article
CATEGORIES