ՀՌՈՄԻ ՄԷՋ ՊԱՅԹՈՒՑԻԿ ՆԻՒԹԵՐ ՊԱՐՈՒՆԱԿՈՂ ԵՐԿՈՒ ՏՈՒՓԵՐ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐՈՒԱԾ ԵՆ

Իտալական «Աքի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իտալական իշխանութիւնները յայտարարած են, որ ապահովական ուժեր Հռոմի «Լուիս» համալսարանին մօտ գտնուող Թիրիեսթա փողոցին մէջ պայթեցուցած են երկու տուփեր, որոնք պայթուցիկ նիւթեր կը պարունակէին:

Համալսարանի ուսանողները երէկ առաւօտ կասկածած են իրարու վրայ զետեղուած կօշիկի երկու տուփերէ եւ անմիջապէս ոստիկանութեան լուռ տուած են: Ըստ ոստիկանութեան, տուփերը կը պարունակէին լպրծուն նիւթ մը, որ այժմ քննութեան կ՛ենթարկուի:

Share this Article
CATEGORIES