ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ԿԱՐՃ ԼՈՒՐԵՐ

ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մարուան Շարպել երէկ ընդունեց պետական նախարար Փանոս Մանճեանը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ Առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ երկրագործութեան գրասենեակը մերժեց աշխատավարձերու յաւելման այն օրինագիծը, որ աշխատանքի նախարար Շարպել Նահհասի կողմէ յղուած է կառավարութեան:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Մոհամետ Սաֆատի երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Մեծն Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւններն ու արաբական աշխարհին եւ Եւրոպայի դիմագրաւած մարտահրաւէրները:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատ յայտնեց, որ Սուրիոյ դէմ մղուող համաշխարհային պատերազմը կը միտի վրէժ լուծել Դիմադրութեան զօրակցող Սուրիոյ անշեղ կեցուածքէն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք շեշտեց, որ իրենց համար խիստ փափաքելի են Իսրայէլի դէմ պատժամիջոցներ որդեգրելու միջազգային որոշումները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Մըսպահ Ահտապ յայտնեց, որ Հարիրի ընտանիքին հետ իր յարաբերութիւնները շատ լաւ են` աւելցնելով սակայն, որ իրենց միջեւ քաղաքական մակարդակի գործակցութիւն չկայ:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Կապի Լայեուն յայտնեց, որ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորումը երկրորդական է` բարեկարգումի կարիք ունեցող բազմաթիւ թղթածրարներուն բաղդատած: Ան շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախարարները կառավարութեան նիստին ներկայ պիտի չգտնուին, եթէ վարչապետ Միքաթի զիրենք անպատասխան ձգէ:

ՆԱԽ Լիբանան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ամմար Հուրի յայտնեց, որ Հըզպալլա ամէն ջանք ի գործ պիտի դնէ` արգիլելու համար Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանի ֆինանսաւորումը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ղաթթաս Խուրի «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը տապալած կարելի է նկատել:

ԱՄԱԼ շարժումի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Ժամիլ Հայեք շեշտեց, որ երկխօսութեան առիթ չտալ կը նշանակէ հարցերու լուծման առիթները ջլատել, յատկապէս այն հանգրուանին, երբ շրջանին մէջ լարուածութիւններ կը հրահրուին:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Ատնան Արաքճի յայտնեց, որ Սուրիա շատ աւելի հզօր դուրս պիտի գայ իր դիմագրաւած տագնապալի հանգրուանէն` աւելցնելով, որ ան մնայուն կերպով նեցուկ պիտի կանգնի պաղեստինեան հարցին:

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ալեն Ժիւփէ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն` կեդրոնանալու ազգային երկխօսութեան վրայ եւ Սուրիոյ մէջ տիրող իրավիճակը Լիբանան չփոխադրելու:

ՊԵՏԱԿԱՆ նախարար Ահմետ Քարամէ յայտնեց, որ վարչապետ Նեժիպ Միքաթի շատ լուրջ է հրաժարելու իր որոշումին գծով. ան աւելցուց նաեւ, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի կը ջանայ ուշացնել կառավարութեան քայքայումը:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Շարպել Նահհաս «Լիուա» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ առաջնահերթութիւն պէտք է ընծայել ներքին լիբանանեան հարցերուն, ինչպէս նաեւ պէտք է վերջ տալ արտաքին ուժերուն վրայ դրուած գրաւին:

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ալի Հասան Խալիլ շեշտեց, որ խորհրդարանի նախագահն ու վարչապետը պիտի շարունակեն իրենց միջեւ ընթացող խորհրդակցութիւնները` հաստատելով, որ դռները տակաւին բաց են եւ ամէն հարց իր լուծումը ունի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES