ՓԻԵԹՈՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԱՅՏԱ
Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Տընի Փիեթոն երէկ այցելեց Սայտա, ուր հանդիպումներ ունեցաւ հարաւի նահանգապետին եւ քաղաքապետին, ինչպէս նաեւ երեսփոխան Պահիա Հարիրիի հետ:
Իր այցելութեան ընթացքին Փիեթոն շեշտեց, որ հարաւային Լիբանանի մէջ իրենց ներկայութիւնը միշտ ալ առկայ եղած է` աւելցնելով, որ իր այցելութիւնը ապահովական ոչ մէկ միջադէպէ կախեալ է:
Փիեթոն դիտել տուաւ, որ այս այցելութիւնը հարաւային Լիբանան կատարած իր առաջին այցելութիւնն է, եւ այդ պատճառով ալ ինք քաղաքական յայտարարութիւններ պիտի չկատարէ:
Միւս կողմէ, Նասըրական շարժումի նախագահ, նախկին երեսփոխան Ուսամա Սաատ յայտնեց, որ ինք չէ ընդունած Փիեթոնը` աւելցնելով, որ Սայտա կատարած անոր այցելութիւնը ողջունելի քայլ մը չի նկատուիր, որովհետեւ Ֆրանսա կը գործէ ի խնդիր Իսրայէլի շահերուն:
CATEGORIES Լիբանանեան