ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄ ՀԱՄԱԽՄԲՈՒՄԸ ԳՈՒՄԱՐԵՑ ԻՐ ԸՆԹԱՑԻԿ ՆԻՍՏԸ
Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ Ռապիէի մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող հարցեր, յատկապէս կառավարութեան դիմագրաւած քաղաքական տագնապին վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Նախագահելէ ետք Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումին նիստին, համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին նկատել տուաւ, որ կառավարութեան նիստը գումարելու առումով լուծում մը կարելի չէ նախատեսել մինչեւ վաղը (այսօր), սակայն կարելի է լուծման ի խնդիր նախաքայլեր առնել:
Զօր. Աուն պատրաստակամութիւն յայտնեց գործակցելու` յանգելու համար որոշ լուծումի մը:
«Մեր կեցուածքը յստակ է. մենք կը զօրակցինք լիբանանեան ապահովական ներքին կայունութեան: Մենք համաձայն ենք, որ արտաքին առումով տարիներու կռիւ ըլլայ երկիրը փրկելու համար ներքին քանի մը ժամուան կռիւէն», ըսաւ զօր. Աուն:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավարը հաստատեց, որ կառավարութիւնը կու տայ իր վերջնական որոշումը Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին ֆինանսաւորման առումով:
Զօր. Աուն հաստատեց, որ Միջազգային դատական ատեանը ապօրինի է` աւելցնելով, որ ինք կը զարմանայ, որ Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ի ուխտը կը խախտեն: