ՕՄԱՐ ՔԱՐԱՄԷ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՇՔԸՐԸ ԵՒ ԵԱԱԳՈՒՊԸ
Նախկին վարչապետ Օմար Քարամէ երէկ Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Պաաս կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար, նախկին նախարար Ֆայեզ Շքըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու Սուրիոյ զարգացումները:
Հանդիպումէն ետք Շքըր յայտնեց, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի օրինականութիւնը տրուած է սուրիացիներուն կողմէ եւ ոչ թէ Արաբական լիկային կամ Միացեալ Նահանգներուն կողմէ:
Քարամէի այցելեց նաեւ նախկին երեսփոխան Հասան Եաագուպ, որ խստիւ դատապարտեց Թրիփոլիի քաղաքական փառատօնին ընթացքին կատարուած ցեխարձակումները` շեշտելով, որ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերը ուղղակի հարց ունին Դիմադրութեան զէնքին հետ, որովհետեւ այդ զէնքն է, որ յաղթած է Իսրայէլին:
Եաագուպ կոչ ուղղեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիին` ո՛չ մօտէն եւ ո՛չ ալ հեռուէն հաշուի առնելու Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն կեցուածքները:

