ՆԱԽԱՐԱՐ ՍԱՊՈՒՆՃԵԱՆ ՍՈՒՏԱՆԻ ՄԷՋ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ՔՆՆԱՐԿԵԼ ՆԵՐԴՐՈՒՄԱՅԻՆ ՅԱՐԱԲԵՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Ճարտարարուեստի նախարար Վրէժ Սապունճեան երէկ շարունակեց Սուտան կատարած իր պաշտօնական այցելութիւնը, որուն ծիրին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Սուտանի նախագահի խորհրդական եւ Ներդրումի գերագոյն խորհուրդի նախագահ Մուսթաֆա Օսման Իսմայէլի հետ:
Հանդիպումին ընթացքին նախարար Սապունճեան դրուատեց սուտանցի գործատէրերուն խանդավառութիւնը` գործակցելու լիբանանցի գործատէրերուն հետ եւ քաջալերելու զանոնք, որպէսզի ներդրումներ կատարեն Սուտանի տարբեր մարզերուն մէջ:
Իր կարգին, Իսմայէլ ողջունեց Վ. Սապունճեանն ու անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը` շեշտելով Սուտանի նախանձախնդրութիւնը լիբանանեան շահերուն նկատմամբ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ նաեւ Լիբանան-Սուտան օդանաւային ուղղակի թռիչքներ հաստատելու անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամրապնդել երկկողմանի գործակցութիւնը:


