ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ ՄԱՄՈՒԼԸ ՀԱՐՑ ԿՈՒ ՏԱՅ. ՏԵՐՍԻՄԻ ՀԱՄԱՐ ՆԵՐՈՒՄ ՀԱՅՑՈՂ ԷՐՏՈՂԱՆ ՀԱՅԵՐԷՆ ԻՆՉՈ՞Ւ ՆԵՐՈՒՄ ՉԻ ՀԱՅՑԵՐ

Թրքական մամուլը անդրադարձած է գերմանական մամուլին մէջ Էրտողանի կողմէ Տերսիմի կոտորածներուն համար ներում հայցելուն արձագանգին:

Գերմանական «Մարքիշը Օտերցայթունկ» օրաթերթը գրած է, որ երբ Թուրքիոյ վարչապետը ներում կը հայցէ, ատիկա ականջ կը ծակէ: «Սակայն այդ պարագային անմիջապէս կը յիշես հարիւր տարի առաջ տեղի ունեցած հարիւր հազարաւոր հայերու սպանութիւնները, սակայն Էրտողան անոնց համար հայերէն ինչո՞ւ ներում չհայցեց», գրած է գերմանական օրաթերթը` ընդգծելով, որ Էրտողանի ներման հայցերը եւս կապուած են քաղաքականութեան:

Գերմանական «Տէօչը Վելլը» օրաթերթը նշած է, որ Էրտողան իր խօսքերով թիրախ ընտրած է Աթաթուրքի ստեղծած Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը: «Այդ ժամանակուան զոհերու հաշուոյն քաղաքական շահեր վաստկիլը չարագործութիւն է, որովհետեւ այդ յայտարարութիւնը կատարելու ժամանակ թրքական բանակը նոյն գործողութիւնները կ՛իրականացնէ ինքնավարութիւն պահանջող քիւրտերուն նկատմամբ, ինչ որ կատարուած է Տերսիմի կոտորածներուն ժամանակ», եզրափակած է թերթը:

Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարած էր, որ եթէ պէտք ըլլայ, Տերսիմի կոտորածներուն համար ինք պետութեան անունով ներում պիտի հայցղ եւ կը հայցէ: Ան Տերսիմի կոտորածներուն համար մեղադրած էր Հանրապետական ժողովուրդի կուսակցութիւնը` պնդելով, որ այդ ժամանակ այդ կուսակցութիւնը եղած է իշխանութեան վրայ:

Նշենք, որ թրքական իշխանութիւնները Տերսիմի ապստամբութիւնը արեան մէջ խեղդած են` ջնջելով հազարաւոր գիւղեր: Տարբեր աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Տերսիմի կոտորածներուն զոհ գացած է մինչեւ հարիւր հազար հոգի:

1915-ին Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Տերսիմի տարբեր գիւղերուն մէջ ապաստանած հազարաւոր հայեր 1938-ին կրկնակի ցեղասպանութեան ենթարկուեցան:

 

 

Share this Article
CATEGORIES