ՈՒՐՖԱՅԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԳԻՒՂՆ ՈՒ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԱԾ ԵՆ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ԳՕՏԻ

Թրքական «Հապեր7» կայքէջը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ կառավարութեան որոշումով` Ուրֆայի հայկական Կարմուճ գիւղն ու այդ գիւղին մէջ գտնուող հայկական եկեղեցին զբօսաշրջութեան գօտի յայտարարուած են: Ըստ կայքէջին, այդ մասին նշուած է Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան Ուրֆայի նահանգային վարչութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:

Թրքական լրատուամիջոցը կը նշէ, որ հայկական գիւղն ու եկեղեցին զբօսաշրջութեան գօտիի վերածելու մասին նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան, իսկ Թուրքիոյ նախարարաց խորհուրդը հաւանութիւն տուած է այդ նախաձեռնութեան:

Share this Article
CATEGORIES