ԼԵՖՈՐ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄՆԵՐ ՈՒՆԵՑԱՒ ՆԱԼԲԱՆԴԵԱՆԻ ԵՒ ՕՀԱՆԵԱՆԻ ՀԵՏ

Լեֆոր եւ նախարար Նալբանդեան

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նախանցեալ օր ընդունեց Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի տագնապի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան առնչուող բազմաթիւ հարցեր եւ մասնաւորաբար անդրադարձան արտաքին գործոց եւ ապահովութեան հարցերով Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան ներկայացուցիչ Քեթրին Էշթընի Հայաստան այցելութեան եւ անցեալ շաբաթ Պրիւքսէլի մէջ տեղի ունեցած Հայաստան-Եւրոպական Միութեան համագործակցութեան խորհուրդի նիստի արդիւնքներուն:

Էդուարդ Նալբանդեան եւ Ֆիլիփ Լեֆոր քննարկեցին արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթը:

Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուէին նաեւ տագնապի կողմերուն միջեւ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման հետ կապուած հարցերը: Այս առումով նախարար Նալբանդեան Լեֆորի ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ազրպէյճանի մէջ պետական մակարդակով իրականացուող հակահայկական եւ ցեղային խտրականութեան քարոզչութեան վրայ:

Միւս կողմէ, Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունելով Հարաւային Կովկասի մէջ Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Ֆիլիփ Լեֆորը, անոր ներկայացուց իրադրութիւնը ազրպէյճանական զօրքերուն հետ շփման գիծին վրայ եւ անոր ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու արձակազէններու գործողութիւններու աշխուժացման վրայ:

Ֆիլիփ Լեֆոր վստահեցուց, որ իր պաշտօնավարութեան շրջանին պիտի կատարէ առաւելագոյնը, որպէսզի աջակցի խաղաղութեան հասնելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն: Ան նշեց, որ Եւրոպական Միութիւնը չի ցանկար նոր պատերազմ տեսնել Հարաւային Կովկասի մէջ: Ըստ անոր, շրջանի խաղաղութիւնը Եւրոպական Միութեան շահերէն կը բխի:

Ս. Օհանեան ընդգծեց, որ առաջնորդուելով ղարաբաղեան հարցը խաղաղ ճամբով լուծելու սկզբունքով` հայկական կողմը խստօրէն կը պահպանէ զինադադարի դրութիւնը, իսկ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի խախտումներու պարագային պատասխան գործողութիւններու կը դիմէ ազրպէյճանցի արձակազէններու սադրանքները չէզոքացնելու նպատակով միայն:

 

Share this Article
CATEGORIES