ՄԻՆՍՔԻ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐԸ` ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՖՈՐ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ԿԸ ՓՈԽԱՐԻՆԷ ՖԱՍԻԷՆ

Նախագահ Սարգսեանի հետ հանդիպման ընթացքին

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր ընդունեց շրջանային այցելութեան ծիրին մէջ Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներ Պեռնար Ֆասիէն, Ռոպըրթ Պրատքէն, Իկոր Փոփովը եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիքը:

Հանդիպման սկիզբը Պեռնար Ֆասիէ նախագահ Սարգսեանին ներկայացուց ֆրանսացի նոր համանախագահ Ժաք Ֆորը:

Դեկտեմբերին Վիլնիուսիի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի նախարարական խորհուրդին ընդառաջ` զրուցակիցները քննարկեցին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի բանակցային հոլովոյթի ներկայ հանգրուանին վերաբերող հարցեր:

Նախագահ Սերժ Սարգսեան եւ Մինսքի խմբակի համանախագահները խօսեցան նաեւ տագնապի կողմերուն միջեւ վստահութեան միջոցներու ամրապնդման անհրաժեշտութեան մասին:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս ընդունեց շրջանային այցելութեան ծիրին մէջ Երեւան ժամանած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները:

Պեռնար Ֆասիէ ներկայացուց Մինսքի խմբակի ֆրանսացի համանախագահին պաշտօնին մէջ զինք փոխարինող Ժաք Ֆորը:

Հանդիպման ընթացքին շարունակուեցան արցախեան տագնապի լուծման հոլովոյթին շուրջ քննարկումները:

Նախարար Նալբանդեան համանախագահներուն ուշադրութիւնը հրաւիրեց Ազրպէյճանի կողմէ ամէնէն բարձր մակարդակով շարունակուող ռազմատենչ հռետորաբանութեան եւ շփման գիծին վրայ նոր զոհերու պատճառ դարձած սադրանքներուն վրայ:

Զրուցակիցները քննարկեցին նաեւ 6-7 դեկտեմբերին Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք ԵԱՀԿ-ի արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդին առնչուող հարցեր:

Հայաստանի պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան երէկ ընդունեց ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչը:

Պեռնար Ֆասիէ ներկայացուց իրեն փոխարինող Ժաք ֆորը, որուն Սէյրան Օհանեան շնորհաւորեց եւ մաղթեց արգասաբեր աշխատանք:

Համանախագահները Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարին ներկայացուցին ղարաբաղեան խնդիրի լուծման բանակցային հոլովոյթին ընթացքը եւ ընդգծեցին զինադադարի դրութեան պահպանման կարեւորութիւնը` միաժամանակ փաստելով, որ շփման գիծին վրայ արձանագրուող միջադէպերը ցոյց կու տան, որ անհրաժեշտ է ներդնել միջադէպերու միջազգային հետաքննութեան գործուն մեքանիզմներ:

Սէյրան Օհանեան ներկայացուց իրադրութիւնը հայկական եւ ազրպէյճանական զօրքերու շփման գիծին վրայ` նշելով, որ ազրպէյճանցի արձակազէններու սադրանքները կը վտանգեն տագնապի կողմերուն միջեւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտ ձեւաւորելու Մինսքի խմբակի համանախագահներուն ջանքերը:

 

Share this Article
CATEGORIES